ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն յայտնած են, որ 12 Հոկտեմբերին Աստանայի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Հանդիպումին անդրադարձ եղած է տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն։ Միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման աշխատանքներու մասին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցերու շուրջ։

Արարատ Միրզոյեան ու Սերկէյ Լաւրով վերահաստատած են 9 Նոյեմբեր 2020-ի, 11 Յունուար 2021-ի եւ 26 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւններով ձեռքբերուած համաձայնութիւններուն կեանքի կոչման անհրաժեշտութիւնը։ Այս առնչութեամբ ընդգծուած է սահմանազատման և սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովներու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի մէջ տնտեսական կապերու և երթեւեկային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու կարեւորութիւնը։

Հաղորդագրութեան համաձայն, առանձնայատուկ կերպով շեշտուած է Ատրպէյճանի վերջին յարձակումին հետևշեւանքով ՀՀ ինքնիշխան տարածք ներխուժած ատրպէյճանական զինեալ ուժերու անյապաղ դուրսբերման եւ հրադադարի դրութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, անդրադարձ կատարուած է սահմանային իրավիճակի մշտադիտարկման եւ վերահսկման միջազգային ձեւաչափերու ներդրումին հետ առնչուած հարցերուն։

«Նախարար Միրզոյեան շեշտած է, որ հայկական կողմը կ’ակնկալէ Ռուսիայէն՝ իբրեւ ռազմավարական դաշնակիցի, միանշանակ դիրքորոշումը եւ աջակցութիւնը՝ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն դուրս բերելու հարցով: Մարդկային հարցերու կարգաւորման համար Արարատ Միրզոյեան շեշտած է հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ հայրենադարձումի հրամայականը: Հայկական կողմը կարեւոր համարած է Ատրպէյճանի կողմէն հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ իրականացուած արտադատական սպանութիւններուն, խոշտանգումներուն և այլ պատերազմական յանցագործութիւններու մեղաւորներուն ու կազմակերպիչներուն պատասխանատուութեան ենթարկումը»,յայտնած են Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն։