11 Հոկտեմբերին ՀրապարակTV-ի «Հանդիպում» հաղորդաշարի հիւրն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Բագրատ Եսայեան: Ան խօսած է ՀՀ իշխանութիւններու խաղաղութեան օրակարգի հիմքով դրուած ատրպէյճանական յայտնի 5 պահանջներուն եւ անոնցմով պայմանաւորուած քառակողմ յայտարարութեան մասին, որ Փրակի մէջ կատարուած են Ֆրանսայի, Հայաստանի, Ատրպէյճանի ղեկավարներն ու Եւրոխորհուրդի նախագահ Ժան Միշէլ:
Բագրատ Եսայեան տարակուսանք յայտնած է այն բազմաթիւ ձեւաչափերու ու հարթակներու մասին, որոնցմէ պիտի քննարկուին հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը: Ինչո՞ւ ՀՀ իշխանութիւնները չեն փորձեր հարցը տեղափոխել Ռուսիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ բանակցային հարթակներ՝ կը մնայ անհասկնալի: Ի վերջոյ Ռուսիան ու Իրանը մինչ օրս յստակ և հանանպաստ դիրքորոշում հանդէս բերած են։ Ռուսական կողմը յայտարարած է, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը տակաւին պէտք է քննարկուի, այսինքն տակաւին բաց է, իսկ Իրան իր բարձրագոյն ղեկավարութեան մակարդակով յայտարարած է, որ իր հարեւան երկիրներու սահմանային փոփոխութիւններ թոյլ պիտի չտայ:

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամի պնդումով՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնն է , թէ հայ-թրքական սահմանը պիտի բացուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան փաստաթուղթի ստորագրումէն անմիջապես վերջ, Հայաստանի հետ նախապայմաններով խօսելու թրքական քաղաքականութեան շարունակութիւնն է:

Բագրատ Եսայեան անդրադարձած է նաեւ վերջին օրերուն ՀՀ Ազգային Ժողովի քաղաքական մեծամասնութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ արծարծուած ատրպէյչանահաճոյ յայտարարութիւններուն՝ յայտնելով, որ անոնք հետագային կրնան օգտագործուիլ Ատրպէյճանի կողմէն, իբրեւ հայկական աղբիւրներու տեսակէտ: