«yerkir.am»._Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահիան Rasadnews պատկեռասփիւռի «Ժողովրդավարութեան Դաշտ» վաւերագրական ֆիլմին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ Իրան թոյլ չտուաւ տարածաշրջանի մէջ իրականացնելու այն ծրագիրը, որուն համաձայն Հայաստանը պիտի կտրուէր Իրանէն։

«Տարածաշրջանի մէջ իրականացուեցաւ շատ վտանգաւոր բեմադրութիւն, որ պէտք է փոխէր տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութիւնը։ Նոյնիսկ ջանքեր գործադրուած են կտրելու Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ կապի հնագոյն ճամբան։ Իրանը թոյլ չէ տուած», ըսած է Ապտուլլահեան։

Անոր խօսքին համաձայն, Իսլամական Հանրապետութիւնը սոյն արարքը կատարած է նոյնիսկ հիւսիսարեւմտեան սահմաններու զօրավարժութիւններէն առաջ։

«Մենք փորձած ենք հարցը լուծել քաղաքական ճամբով», աւելցուց նախարարը։