22 Հոկտեմբերին Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեան, Արթուր Խաչատրեան, Արգիշտի Գէորգեան, Գառնիկ Դանիէլեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամներուն հետ խմբակցութեան մարզային այցելութիւններու ծրագիրով եղած են Տայուշի մարզի Բերդ եւ Իջեւան քաղաքներու, Արծուաբերդ, Չինարի, Այգեձոր համայնքներու մէջ: Բնակիչներուն, համայնքներու ղեկավարներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին մտահոգութիւններու առանցքը սահմանամերձ բոլոր այդ բնակավայրերու բնակիչներուն համար նոյնն էր՝ անվտանգային հարցեր, Հայոց բանակի ներկայիս վիճակը, Արցախի ապագան։ Բերդ համայնքին մէջ պատգամաւորներուն դիմաւորած է օրերս ազատութեան մէջ յայտնուած, ՏԻՄ ընտրութիւններուն բանտէն իշխանութիւններուն յաղթած Յարութիւն Մանուչարեան, որ ողջունած է մարզ այցելած քաղաքական գործիչները՝ բնակիչներուն տեղեկացնելով, որ անազատութեան օրերուն պատգամաւորներուն պարբերաբար հանդիպած է քրէակատարողական հիմնարկին մէջ։

Պատգամաւորները հանդիպումներու ընթացքին ներկայացուցած են երկրի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, արտաքին քաղաքական զարգացումներն ու նոր մարտահրաւէրները։ Զրոյցներու մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանացած է ՀՀ Զինեալ Ուժերու ներկայիս վիճակը, բանակի նիւթաճարտարագիտական ու մարդկային համալրումը։ Սահմանային այդ բնակավայրերու բնակիչները աւելի լաւ կը պատկերացնէին թշնամիի վտանգաւորութիւնն ու առաջնագիծի ամուր ըլլալու անհրաժեշտութիւնը։ Զրոյցներու ընթացքին արծարծուած են նաեւ ընկերային բազմաթիւ հարցեր, որոնք արձանագրուած են ու պիտի ըլլան «Հայաստան» խմբակցութեան ուշադրութեան կեդրոնը։