ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան ըսած է.
«Ատրպէյճանն ու Թուրքիան ամբողջապէս լծուած են հակադաշնակցական քարոզչութեան։ Թրքական երկու երկիրներու դեսպանները, անոնց կողմէն ֆինանսաւորուող փորձագէտները, գրասենեակային կառոյցները գիշերները ցերեկ դարձուցած աշխարհի յառաջատար պարբերականներուն մէջ ՀՅԴ-ն վարկաբեկելու ուղղուած յօդուածներ կը պատուիրեն, յետոյ կը տարածեն անոնք ընկերային ցանցերու վրայ, ամէն ձեւով կը փորձեն սահմանափակել ՀՅԴ ազդեցութիւնը արեւմտեան շարք մը երկիրներու մէջ։

Անոնց անհանգստութիւնը, անշուշտ, հասկնալի է։ Պաքուի եւ Անգարայի մէջ լաւ կը հասկնան, որ 2020_ի պատերազմի արդիւնքները չեն արտայայտեր Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ուժերու իրական հաւասարակշռութիւնը։ Անոնք նաեւ լաւ կը հասկնան, որ ՀՅԴ-ն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի առողջ մտածող բաժինը երբեք պիտի չհաշտուի ներկայիս իրողութիւններուն հետ եւ ուշ թէ շուտ Հայաստանը ոտքի պիտի կանգնեցնէ։ Անոր համար ալ այդքան մտահոգ են։

Բայց, ինչպէս ժողովրդական իմաստնութիւնը կը պնդէ՝ թշնամիին անէծքն օրհնանք է։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է եւ կը շարունակէ կանգնած մնալ հայ ժողովուրդի ազգային շահերու թիկունքին։ Որքան ալ Էրտողանն ու Ալիեւը պայքարին Դաշնակցութեան դէմ, միեւնոյն է մենք պիտի չշեղինք մեր ճանապարհէն՝ ուժեղ Հայաստան կերտելու առաքելութենէն»։