ՀՀ ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սեյրան Օհանեան յայտարարեց, որ «Դիմադրութեան» շարժումը շարունակական պիտի ըլլայ և ապագային իրենց գործողութիւններուն մէջ նորութիւններ պիտի արձանագրուին:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Օհանեան այս յայտարարութիւնը ըրաւ Ազցային Ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին՝ անդրադառնալով լրագրողի այն դիտարկումին, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, «Դիմադրութիւն» շարժումը չեն պայքարիր իշխանութիւնը հեռացնելու համար:

Օհանեան, ներկայացնելով «Դիմադրութիւն» շարժումին իրականացուցածները նշեց, որ իրենց աշխատանքը կ՚ընթանայ համադրուած եւ ըստ անհրաժեշտութեան, եթէ հարցերը կը վերաբերին իրենց օրակարգին՝ Հայաստանի անվտանգութեան, Արցախին, արտաքին քաղաքականութեան: «13 Սեպտեմբերին, երբ վիճակը օրհասական էր, մենք ներկայ գտնուեցանք Ազգային Ժողով և փորձեցինք յայտարարութիւն կատարել և այլն: Անկախ անկէ, մեր աշխատանքը Ազգային Ժողովէն դուրս կը շարունակենք, հաւանաբար, այս պահուն ատիկա տեսանելի չէ: Ինքնաքննադատաբար ըսեմ, որ ժողովուրդին հետ աշխատանքը, զինք համոզելու գործընթացը, ընդհանուր առմամբ, ամենադժուարն է», ըսաւ Օհանեան:

Ան հաստատեց, որ «Դիմադրութեան» շարժումը շարունակական պիտի ըլլայ։ Շարժումի ղեկավարութիւնը համապատասխան ծրագրային գործունութիւն կը ծաւալէ, որ կը ներկայացուի պարբերաբար: Օհանեան ընդգծեց, որ վերջին շրջանին ժողովուրդին հետ հանդիպումներ տեղի կ՚ունենան: Ըստ անոր, թէև նախորդ շարժումին ընթացքում որոշ յաջողութեան հասած են, սակայն այդ մէկը բաւարար չէ համարուած:

«Հիմա որոշ վերլուծութիւն կը կատարենք: Ապագային մեր գործողութիւններուն մէջ նորարարութիւններ պիտի ըլլան», նշեց Օհանեան: