Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտուն Բերիոյ Հայոց Թեմ ժամանեց Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի երէց միաբաններէն, Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան, որ ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Առաջնորդական Տեղապահ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Ազգային Վարչութեան, Կրօնական Ժողովին եւ ազգայիններու կողմէ, Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ ղօղանջով եւ ներկաներու ծափողջոյններով:

Հայրապետական նուիրակին կ’ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:

Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ հայրապետական նուիրակը աղօթք բարձրացուց առ Ամենաբարին Աստուած, ապա Ազգ. Իշխանութեան անդամներուն հետ ուղղուեցաւ դէպի Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճ, ուր արտասանեց իր անդրանիկ խօսքը: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմ ժամանելուն առիթով եւ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ողջոյնները, հայրական սէրը եւ օրհնութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին: Մակար Եպիսկոպոս հաստատեց, որ բոլորս կոչուած ենք ձեռք-ձեռքի տալով յառաջ տանելու մեզի վստահուած աշխատանքը՝ համայնքի, ազգի եւ ժողովուրդի բարիքին ու բարօրութեան, սուրիահայութեան վերելքին, աշխուժացման եւ վերականգնումին համար:

Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգ. Իշխանութեան, պատրաստակամութիւն յայտնելով գործակցութեան ոգիով ծառայելու սուրիահայ համայնքին:

Խօսք առաւ թեմի երէց քահանայ Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան: Ան նշեց, որ Բերիոյ Հայոց Թեմը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական թեմն է, որ ունի բեղուն գործունէութիւն: Ապա մաղթեց, որ միասնական ճիգերով գործենք յանուն Հայ Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ պայծառութեան:

Առաջնորդական տեղապահ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան իր ուրախութիւնը յայտնեց հայրապետական նուիրակին ժամանման առիթով, որ լաւագոյն արտայայտութիւնն է վեհափառ հայրապետին հոգատարութեան եւ օրհնութեան, որպէսզի թեմը առաւել ծաղկի իր հովանիին ներքեւ:

Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան դիտել տուաւ, որ Ազգ. Իշխանութեան անդամներով, ներկայացուցչական ընդունելութեամբ ու ցնծութեամբ կը դիմաւորենք հայրապետական նուիրակը։ Ապա յաջողութիւն մաղթելով անոր ծառայութեան, իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդական տեղապահին, որ իր ընտրութեան օրէն ի վեր կը գործէ իմաստութեամբ եւ հանդարտութեամբ:

Վեհափառ հայրապետին հրաւէրով հանդիպումին ներկայ էր նաեւ բժշկ. Սարգիս Քեհեայեան, որ շնորհաւորեց հայրապետական նուիրակը եւ առաջնորդի տեղապահին ու Ազգ. Իշխանութեան հետ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոր:

Աւարտին աջահամբոյր կատարուեցաւ։

Յիշենք, որ հայրապետական նուիրակ սրբազանը անցնող տարիներուն ծառայած է դպրեվանքէն ներս իբրեւ հսկիչ եւ ուսուցիչ, Յունաստանի մէջ՝ որպէս հոգեւոր հովիւ, Թեհրանի Հայոց Թեմէն ներս՝ իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ, Մայրավանքին մէջ՝ որպէս լուսարարապետ Մայր Տաճարի եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ