Մարիա Ղարիպեան, Miss Gold Model Armenia 2022-ի գլխաւոր մրցանակին տիրացաւ գրաւելով առաջին դիրքը։

Մրցոյթը առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ, մրցաշարքի կազմակերպիչն է լիբանանահայ Ժագ Թէքէեան։

23-ամեայ Մարիան Ազգ.Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտ էր։ Ան 7 տարիէ ի վեր կ՚ապրի Երեւան, հայրենադարձ է։

Մարիային ուրախութիւնը կրկնապատկուած է, որովհետեւ իր նախասիրութիւնները սկսած են կեանքի կոչուիլ հայրենիքին մէջ։