«Արմէնփրէս»._ Ազգային Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունած է ԵԱՀԿ կարիքներու գնահատումի առաքելութեան անդամները: Կարիքներու գնահատումի ԵԱՀԿ առաքելութիւնը կը գլխաւորէր ԵԱՀԿ_ի նախագահող Լեհաստանի ներկայացուցիչ գնդապետ Ռոպերթ Արքատիուշ Թքաչիք։

Արմէն Գրիգորեան ողջունած է առաքելութեան անդամները եւ կարեւոր համարած է առաքելութեան աշխատանքը միջազգային հանրութեան 13 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի յարձակումին մասին տեղեկատուութիւն փոխանցելու համար:

Արմէն Գրիգորեան ներկայացուցած է 13 Սեպտեմբերին ատրպէյճանական զօրքերու սանձազերծած յարձակումը եւ անոր հետեւանքները: Քարտուղարը ընդգծած է, որ վերոնշեալը հարուած է ոչ միայն ՀՀ ինքնիշխանութեան, այլ նաեւ Հայաստանի ժողովրդավարութեան։

Գնդապետ Ռոպերթ Արքատիուշ Թքաչիք վստահութիւն յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ը պիտի շարունակէ խորացնել Հայաստանի հետ գործակցութիւնը, որուն համար կայ երկկողմ պատրաստակամութիւն: