Յառաջիկային կը նախատեսուի Հայաստանի և Թուրքիոյ համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպում, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ճանապարհային ուղղակի բեռնափոխադրումներ սկսելու եւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանը բանալու համաձայնութիւններու իրագործումը: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնած է Հայասատանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեանը:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ յառաջիկային որևէ վայրի կամ ժամկէտի մէջ հանդիպելու մասին որեւէ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի: