Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յատարարած է, որ Փաշինեանի, Փութինի եւ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը նախատեսուած է 31 Հոկտեմբեր-ին Սոչիի մէջ։ Փաշինեան եւ Ալիեւ այս ամիս երկու հանդիպում ունեցած են` մէկը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի, միւսը` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի մասնակցութեամբ: Փրակի մէջ 6-7 Հոկտեմբերին Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի շրջագիծին մէջ գումարուած քառակողմ հանդիպումի աւարտին հրապարակուած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը հաստատեն իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը: