ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան յայտնած է. «Նիկոլի եւ անոր խմբակիցներուն քաղաքականութիւնը ի սկզբանէ պարզ էր՝ խաղաղութեան դարաշրջանի կեղծ օրակարգի անուան տակ թշնամիին յանձնել Արցախը, Սիւնիքն ու ընդհանրապէս ողջ Հայաստանը: Այն, ինչի մասին կը զգուշացնէինք ամիսներ առաջ, այսօր արդէն կը փորձեն իրականութիւն դարձնել: Նիկոլի վարչախումբը բացայայտօրէն կը սպասարկէ թշնամիին շահերուն եւ կը պատրաստուի Հայաստանին նոր յանձնողականութիւն պարտադրել: Դաւաճանական այս ծրագիրը պէտք է կանխել միատեղ ուժերով, պիտի՛ կանխենք»: