Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի քաղաքական բոլոր ուժերու նախաձեռնութեամբ՝ 30 Հոկտեմբերին՝ ժամը 15:00-ին, տեղի կ’ունենայ Ազգային Ժողովի Արտակարգ նիստ և հանրահաւաք՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան արժանապատիւ ու անվտանգ ապագային:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի մամուլի ծառայութենէն՝ աւելցնելով, որ նիստը ուղիղ հեռարձակումով պիտի ցուցադրուի Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ միաժամանակ հրաւիրելով մեծ հանրահաւաքին:

Նիստէն անմիջապէս յետոյ ելոյթները պիտի շարունակուին Վերածնունդի հրապարակին վրայ հրաւիրուած հանրահաւաքին:

«Բոլորդ կը յորդորենք մասնակցելու հանրահաւաքին՝ սեփական ճակատագիրը հայրենի հողին տնօրինելու մեր վճռականութիւնը միասնաբար յայտնելու նպատակով: 30 Հոկտեմբերին՝ ժամը 15:00-ին, հանդիպումի վայրը Վերածնունդի հրապարակն է՝ 88-ի շարժման ոգիով միասին մեր ձայնը բարձրացնելու…», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: