28-31 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողով» մը:
Համոզուած եմ, որ այս համաժողով կոչուող բեմադրութիւնը կը կազմակերպուի թրքական թելադրութեամբ:
Եթէ հետեւած էք Չաւուշօղլուի եւ էրտողանի վերջին ամիսներու յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ալիեւի սպառնական «զգուշացումներուն», կը նկատէք, որ անոնք յատուկ ուշադրութեան տակ կը պահեն մեր Սփիւռքը:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ «հաշտութեան ու խաղաղութեան» փաստաթուղթերու ստորագրութեան նախօրեակին սա քայլ է այդ երկիրներու պահանջները գոհացնելու: Քայլ է փաստելու համար, որ ճիշդ է թուրք պաշտօնեաներու կարծիքը, եւ որ Սփիւռքի «մեծամասնութիւնը» կողմ է այս իշխանութեան, հետեւաբար՝ ատոր վարած քաղաքականութեան: Սա քայլ է փաստելու, որ հայ Սփիւռքի «մեծամասնութիւնը» բաւարարուած է Նիկոլի ըսած 28.900 քռ. քլմ. Հայաստանով:
Ասով պիտի աշխատին «թաղել» այսօրուան Հայաստանի տարածքէն դուրս՝ Պատմական Հայաստանի իւրաքանչիւր մասի համար ներկայ եւ ապագայ պահանջատիրութիւնը, լուսանցքի վրայ ձգելով «ռեւանշիստներուն» ծովէ-ծով, Ուիլսընեան, ազատ,անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարները:
Սա յստակ քայլ է Սփիւռքն ալ մեղսակից դարձնելու «Ցեղասպանութիւնը պատմական դէպք է եւ զայն պէտք է թողնել պատմաբաններին» տեսակէտին: Ժամանակին, այսօրուան իշխանութեան հոգեւոր հայրը նոյն միտքերով հանդէս եկած էր, բայց այդ օրերուն արժանացած էր ճի՛շդ վերաբերմունքին: Ու սա մտածել կու տայ սերունդներու տարբերութեան մասին: Երկու սերունդ սնած են տաբեր արժէքային համակարգերով…:
Թուրքերը տարիներէ ի վեր կը փորձեն աշխարհը համոզել, որ հայերուն, մանաւա՛նդ սփիւռքահայերուն համար «Ցեղասպանութիւնը» գոյութեան հիմք է: Չկայ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջ, ուրեմն կը փլուզուի հայկական սփիւռքի միասնականութիւնը եւ կը թուլանայ հակաթրքական պայքարը: Թերեւս իրականութեան նշոյլ մը կայ այս խօսքին մէջ, բայց շա՜տ հեռու է իրականութիւն ըլլալէ: Ճիշդ է, որ աւանդական Սփիւռքի մեծ մասը յառաջացած է Ցեղասպանութեան հետեւանքով, սակայն այդ չէ մեր գոյութեան եւ միակամութեան արմատը:
Այդ արմատը մեր ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆՆ Է: Մենք Ցեղասպանութիւնը չենք չարաշահեր միութիւն ստեղծելու համար: Այլ՝ միացած ենք մեզմէ խլուած իրաւունքներուն վերատիրանալու պահանջին համար: Տարբերութիւնը մեծ է, շա՜տ մեծ…:
Մասնակցիներուն մեծ մասը հաւանաբար այս լրջութեան չ’անդրադառնար…:
Անոնք չե՞ն նկատեր, որ Թուրքիոյ հետ սահմանը վերաբանալու եւ ոմանց «պիզնէս»-ը զարգացնելու համար սեղանին դրուած են իրե՛նց իսկ (մասնակիցներուն), իրենց մեծ հայրերուն եւ թոռներուն իրաւունքները: Ի դէպ, յիշողութիւնները թարմացնելու համար պէտք է ընդգծել, որ սահմանը փակողը Թուրքիան եղած է, հետեւաբար՝ առանց նախապայմաններու բացողն ալ այդ կողմը պէտք է ըլլայ:
Այս հանգրուանին (Թէեւ ուշ, բայց՝ ոչ ուշացած) Սփիւռքը ըսելիք ունի: Պոռալով, բոլորին ականջները խլացնելով պէտք է հասկցնէ, որ Ո՛Չ ՄԷԿԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ ԻՐ ԱՆՈՒՆՈՎ ԽՕՍԵԼՈՒ: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի Արեւմտահայաստանի պահանջատիրութիւնը, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հետեւանքներու վերացման ու հատուցման իրաւունքները սակարկութեան առարկայ դարձնելու:
Խօսքը կը վերաբերի թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ թէ այս ժողովի մասնակիցներուն: Առանց մասնակիցներու հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ առնելու, կ’ուզեմ ընդգծել, որ չափազանց սթափ պէտք է ըլլալ: Շատ դիւրին է իյնալ քաղցր, ականջահաճոյ խօսքերու ծուղակը, մանաւանդ եթէ ատոնք կը հնչեն բազմաթիւ սերունդներու երազած Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն շրթներէն: Բարոյական ծանր կշիռք է սա: Բայց հիմա այդ ժամանակը չէ: Հիմա մեր արժանապատիւ գոյութեան եւ իրաւունքին տէր կանգնելու պահն է:
Անցնիմ սա հաւաք-թատրոնի վերնագիրին:
«Գագաթնաժողով» ըսելով որո՞նք նկատի ունին: Գաղութներու ո՞ր «գագաթ»-ները: Իւրաքանչիւր գաղութի «գագաթը» ինչպէ՞ս որոշած եւ հրաւիրած են:
Անունն ի՛նքը խաբուսիկութիւն, խաբեբայութիւն եւ մեծամտութիւն կը բուրէ: Մասնակիցներուն «ես»-ը շոյելու ակնյայտ կեղծիք կայ այս բառերուն մէջ…:
Աւելորդ կը համարեմ անդրադառնալ այս իշխանութեան վարած թրքահաճոյ քաղաքականութեան բոլոր երեւոյթներուն, որովհետեւ քիչ թէ շատ մտահոգ հայուն համար շատո՜նց այդ բոլորը յստակ են:
Կը մնայ ամենակարեւոր հարցումը. իսկ ի՞նչ պէտք է ընել այս քայլին դէմ:
Մարի Մերտխանեան