Հակառակ խոհագիրքերու համեմատական առատութեան, դիւրին չէ այսօր իմանալ թէ մեր նախնիքը ի՛նչ ձեւով, ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս պատրաստած են իրենց առօրեայ ուտեստը: Այս մանրամասնութիւնները իմանալը պիտի օգնէ մեզի գիտնալ, թէ մեր նախնիքը ինչպէ՛ս ապրած են, ինչպիսի՛ տուներ եւ կենցաղ ունեցած են եւ ի՛նչ բառապաշար օգտագործած են:
Տակաւին չենք խօսիր ցանքի եւ բերքի տեսակներուն մասին, որոնք հայերուն համար ընդհանրապէս արմտիք եւ որթատունկ եղած են, երկրի կլիմային եւ հողին համեմատ:
Հայր Վարդան Հացունիի գիրքը ճիշդ այս բոլորը կը բացայայտէ մանրամասնօրէն. դժբախտաբար սակայն այսօր դժուար գտանելի է 1912 թուականին Ս. Ղազարէն (Վենետիկ) լոյս տեսած «Ճաշեր եւ Խնճոյք Հին Հայաստանի Մէջ» հատորը:
Գիրքին սկիզբէն իսկ կ’իմանանք շտեմարան (ընդհանուր մթերանոց), ամբար (արմտիքի) եւ մառան (գինիի) բառերուն ծագումնաբանութիւնը, տարբերութիւնն ու գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց գրաբարաձեւ յոգնակին (ք-ի յաւելումով), որ ցոյց կու տայ թէ՛ շինարարութեան եւ թէ՛ անոնց բովանդակութեան բազում ըլլալը:
Մեր պատմիչներէն եօթը դար առաջ, Քսենոփոն, որ Հայաստան այցելած էր, կը գրէ.
«Այնտեղ կը գտնուին ամէն տեսակ պատուական պարէններ, անասունք, ցորեն … եւ ամենազան սերմանիք»:
Երբ կը թուէ համեմները, սոխին ու խստորին (եւ ոչ՝ սխտոր) կողքին կը յիշէ չամանը, սեւ եւ սպիտակ պղպեղներն ու մանաւանդ աղը, որ կ’ըսէ թէ հայոց հողէն կ’ելլէր եւ կը բաժնուէր երկու տեսակի՝ «ընտանի աղ եւ կողբացի». վերջինս Ոսկեդարու լեզուին համեմիչ Երզնկայ ծննդավայրէն:
Շտեմարաններուն մէջ կը պահուէր «ապուխտ մսով կամ թռչնոց, եւ աղծեալ կամ ապխտեալ ձկան»:
Կլիմային խստութեան եւ ցուրտին պատճառով Հայաստանի մէջ ձիթենի չկար, բայց կ’օգտագործուէր «ի բուսբեր ձիթոց զոր շուշմայ (կնճիթ) անուանեն»:
Սակայն 10-րդ դարէն հայեր սկսած են ձիթենի տնկել Տաթեւի շրջակայքը:
Այդպիսով հայերը ունեցած եւ օգտագործած են երեք տեսակ ձէթ՝ «ձիթենւոյն, կնճթին եւ կտաւատին»:
Ցորենը կը պահուէր հորի մէջ (գետինը փորուած եւ յատակը ծեփուած), «երկայն հոր»-ի մէջ կը կախէին նուռ եւ այլ պտուղներ, կարասի մէջ կը պահէին խնձոր, ճառայի մէջ հապալաս, չոր թուզ եւ ձէթ, բղուղի մէջ՝ դալար թուզ, պուտուկի մէջ՝ նուռ եւ թուզ, կաւեայ ամանի մէջ՝ շագանակ:
Ստրափոն խօսած է Հայաստանի այգիներուն եւ գինեգործութեան մասին եւ ըսած.
«Գրեթէ ամենուրէք ծածկուած որթերով եւ սքանչելի որթերը կու տան պատուականագոյն գինիներ»:
Գողթն գաւառը նշանաւոր եղած է այգիներու իր անսովոր առատութեամբ եւ վաստակած «գինաւէտ» մակդիրը: «Որթաբուծութեան այս մեծ ջանքը կը տեւէ դեռ», կ’ըսէ Վ. Հացունի. Մենք կ’աւելցնենք՝ նաեւ մինչեւ այսօր, Հայաստանի արտադրած բազմազան եւ բազմատեսակ գինիներով:
Կ’ըսուի թէ Ներսէս Կաթողիկոս Շինող, որ 7-րդ դարուն  Զուարթնոց «չքնաղ դաստակերտը կառոյց», չմոռցաւ անոր շուրջը սփռել «այգիս եւ ծառատունկս»:
Խաղաղութեան շրջաններուն հայերը միշտ ալ այգիներ եւ պտղաստաններ ունեցած եւ, իսկ այգեկութքը մեծ ուրախութեամբ, երգերով եւ պարերով կատարուած է:
Շատ հետաքրքրական է, որ հին մատենագրութեան մէջ կը յիշուին, գինեգործութեան կողքին, նաեւ այլ ըմպելիներ պատրաստելու կերպերը, ինչպէս օրինակ ցքի (օղի), որ կը շինուէր կիտրոնէ եւ ուրիշ նիւթերէ, կամ «գինի ի գարւոյն» (գարիի գինի՝ գարեջուր), ինչպէս կը նկարագրէ Քսենոփոն, կամ օշինդրէ, վարդէ, մկնսոխէ, հապալասէ, սերկեւիլէ մեղրախառն գինիներ պատրաստելու արուեստը:
Ամէնէն հետաքրքրականը ա՛յն է, որ հին դարերուն կրօնականները, մանաւանդ վարդապետները ունէին օրուան համեմատ՝ պահք թէ ուտիքի իրենց ճաշերը, որոնք կը տարբերէին ժողովուրդին ճաշատեսակներէն եւ որոնց մասին մանրամասնօրէն կը խօսի Հացունի:
Խոհակերոց եւ խոհանոց կը կոչուէր վայրը, ուր ճաշերը կը պատրաստուէին. առաջինը պաշտօնէն՝ ուտող, երկրորդը ուտեստէն՝ խահ:
Կը յիշեմ որ վաղուց Հալէպի մէջ շատ կը գործածուէր կասկարայ բառը, որ ոչ հայերէն կը կարծէի. արմատը, ըստ Հացունիի յունարէն է եւ օգտագործուած է հայերուն կողմէ որպէս ակութ, կրակարան, օճախ:
Կ’իմանանք նաեւ որ թոնիրին փոքր ձեւն ալ օգտագործուած է եւ կոչուած թոնրուկ կամ թոնրիկ: Տարբերութիւնը այն է, որ թոնրին մէջ կ’եփուէր հացը, իսկ թոնրուկին կամ թոնրիկին վրայ կը դրուէր ամանը, ճաշ եփելու համար:
Իսկ խոհանոցին մէջ օգտագործուած իրերուն մասին Հացունի կ’ըսէ.
« … հին մատենագրութիւնը բնաւ դիտաւորութիւն ունեցած չէ մեր հին խոհանոցին մանրամասն նկարագիրը տալ մեզ»:
Տարբերակում կը գտնենք կաթսայ եւ սան բառերուն միջեւ, առաջինը որպէս մեծ, իսկ երկրորդը աւելի փոքր պղնձեայ ամաններ, որոնց մէջ ընդհանրապէս միս կ’եփուէր: Իսկ պտուկը նոյն դերը կատարող կաւէ ամանն է: Կճուճը պտուկէն աւելի փոքր չափ կ’ունենար:
Կը տեսնենք, թէ նոյնիսկ խոհանոցին մէջ, հայերէնի բառապաշարն ու հոմանիշներու առատութիւնը որքան յստակ է:
Այս գիրքին էջերէն կ’իմանանք թէ շերեփը նաեւ չափի համար օգտագործուող խոհանոցային իր մըն էր, ինչպէս յայտնի է մատեաններուն մէջ յիշուած խօսքերէն՝ «Շերեփ մը ջուր» կամ «Երկու եւ երեք շերեփ իւղ»:
Զամբիւղը սակառէն մեծ է եւ երկուքն ալ ոստերով պատրաստուած:
Քուրձ, մախաղ եւ պարկ, վիզէն կախուելիք տարբեր մեծութեան պայուսակներ, որոնց մէջ կը դրուէր ձուկ, հաց, միրգ, կամ այլ իրեր: Աստուածաշունչին մէջ յիշուած է, որ Յակոբի որդիքը քուրձով ցորեն կը բեռցնեն էշերուն վրայ,- ինչ որ կը հաստատէ քուրձին մեծ չափ ըլլալը,- եւ կը տանին իրենց երկիրը, իսկ Դաւիթ ունէր իր հովուական մախաղը. Յիսուս արգիլած էր իր աշակերտներուն մախաղ կամ պարկ կրել իրենց թափառումներուն ընթացքին:
Մաղ, նքոյր եւ խարբալ, այս վերջինը ուղղակի արաբերէն ղըրպալ բառէն առնուած: Հետաքրքրական է մաղաբախութիւն բառը, որ կը նշանակէ, ըստ Սիմոն Գաբամաճեանի, «մաղ ծեծելով կախարդութիւն ընել»:
Հացունի իր բոլոր օրինակները կը բերէ Աստուածաշունչէն, ինչպէս նաեւ յունարէն եւ ասորերէն գիրքերէ, ընթացքին նաեւ ցոյց տալով եւ բացատրելով հայերէն բառին յունարէնէն փոխադրութիւնը եւ կրած փոփոխութիւնները:
Հակառակ իր խորագրին՝ «Ճաշեր եւ Խնճոյք», հեղինակը այս գիրքին կարկինը շատ լայն բացած է եւ կը խօսի ոչ միայն հին հայոց ճաշերուն մասին, այլ մանաւանդ բառերու ստուգումը կ’ընէ եւ քերականօրէն  կը բացատրէ զանոնք:
Վարդան Հացունի, կամ Հայր Վարդան Վ. Հացունի (Վարդան Սոմունճեան, 1870- 1944), Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ բանասէր մըն է եւ ազգագրագէտ մը։
Ծնած է 1870 թուականին, Սեբաստիոյ նահանգի Պարտիզակ (այժմ Պահչեճիկ) հայաբնակ աւանին մէջ։ Կրթութիւնը ստացած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ, ապա դարձած նոյն միաբանութեան անդամ։ Մօտ 40 տարի աշխատած է Մխիթարեաններու Միլանի, Կոստանդնուպոլսոյ, Վենետիկի եւ այլ քաղաքներու վարժարաններու մէջ, որպէս ուսուցիչ եւ տեսուչ։
Հայր Վարդան Հացունիի հիմնական աշխատութիւնները կը վերաբերին հայ ժողովուրդի հին կենցաղին ու սովորոյթներուն։
Մարուշ Երամեան