Հարաւային Կովկասի մէջ ազդեցիկ ուժեր ամէն ջանք կը թափեն «Հիւսիս-Հարաւ» եւ «Արեւելք-Արեւմուտք» հիմնական միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքներու խաչմերուկը հաստատելու համար:
Միւս կողմէ, 21 Հոկտեմբերին, Կապանի մէջ բացումը կը կատարուի Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտուլլահեան այս առիթով  կը յայտնէ, որ Իրան Հայաստանի եւ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը կը համարէ իր անվտանգութիւնը:  Ան  նաեւ կը շեշտէ, որ Իրան Հայաստանը կը համարէ «Հիւսիս-Հարաւ» մայր ճամբուն վրայ գտնուող կարեւորագոյն երկիրներէն մէկը:
Այս ուղերձները բնականաբար կ’ուղղուին ե՛ւ Ատրպէյճանին, ե՛ւ վերջինիս զօրավիգ հանդիսացող ու Իրանի անվտանգութեան սպառնացող Իսայէլին ու Թուրքիոյ:
Ատրպէյճան արեւելք-արեւմուտք ապրանքափոխանակման ճամբան միջանցքի կարգավիճակով ապահովելու եւ այդ նպատակին հասնելու համար Հայաստան ներխուժելու, տարածքներ գրաւելու համար ամէն առիթ կ’օգտագործէ: Աւելին. անհաւանական ալ չէ, որ Իսրայէլի զօրակցութեամբ Հայաստան-Իրան սահմանը փակելու եւ Իրանը շրջանցելու, մեկուսացնելու փորձ մըն ալ կատարէ: Ուստի ե՛ւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ի նպաստ գործելու, ե՛ւ ատրպէյճանա-իսրայէլեան վտանգը հեռացնելու համար Իրան-Հայաստան մերձեցումը ամէն ժամանակներէ աւելի անհրաժեշտ է:
Իրանեան կողմը քանի մը առիթներով յայտնեց. «Իրան պիտի չարտօնէ փակել Հայաստանի հետ իր հաղորդակցութեան ճամբան, եւ այդ նպատակին հասնելու համար Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը նաեւ ռազմափորձերը պիտի շարունակէ այդ շրջանին մէջ»:
Միւս կողմէ Ատրպէյճան ու Իրան սկսած են սահմանին վրայ կառուցումը կամուրջներու, որոնք երկու երկիրներու ինքնաշարժային ճամբաները պիտի կապեն եւ ապահովեն ամէնէն կարճ ու յարմար տեղաշարժը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ, այս անգամ շրջանցելով Հայաստանը:
Իրան Ատրպէյճանի սահմանին իր զինուորական ներկայութիւնը կը զօրացնէ կանխելու ատրպէյճանա-իսրայէլեան որեւէ յարձակում:  Իսլամական Հանրապետութիւնը ի գործ կը դնէ Հայաստանի հետ գործակցութեան բոլոր միջոցները ՝ մեծցնելու իր ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, ինչպէս նաեւ կանխելու Նախիջեւանի միջանցքի կառուցումը, որ ցամաքային Ատրպէյճանը Հայաստանի տարածքով պիտի կապէ Թուրքիոյ հետ։
Բնականաբար Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին արեւմտեան դիտորդներու ներկայութիւնը եւս կը մտահոգէ Իրանը, այնպէս ինչպէս Ատրպէյճանը:
Սակայն Պաքուի եւ Թեհրանի աշխարհաքաղաքական շահերը երբեք չեն համընկնիր: Ատրպէյճան կը ջանայ ցամաքային կապ հաստատել իր դաշնակից Թուրքիոյ հետ, մինչդեռ Իրան,այնպէս ինչպէս արեւմտեան կարգ մը երկիրներ, կը փորձէ Ուքրանիոյ պատերազմով զբաղած Ռուսիոյ բացը գոցել ու իր ազդեցութիւնը բանեցնել Հայաստանի վրայ՝ չեզոքացնելու թուրք-ատրպէյճանական սպառնալիքը:
Միւս կողմէ Ատրպէյճան կը փորձէ ամրապնդել իր քաղաքական ու զինուորական կապերը Թուրքիոյ հետ:
Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր Հիւպատոսութեան բացման շրջանին Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիտ Պաղճըն յայտարարեց, որ Շուշիի մէջ թրքական հիւպատոսութիւն բանալու շուրջ բանակցութիւններ կ’ընթանան:  Ատրպէյճանի այս քայլը ուղղուած է Արցախի շրջաններու մէջ ռուսական ազդեցութեան դէմ թրքականը զօրացնելու, միւս կողմէ տարածաշրջանի մէջ Իրանի ազդեցութիւնը հակակշռելու:
Իրան առաջին երկիրն է, որ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն հիմնեց Սիւնիքի նման ռազմավարական կարեւոր տարածաշրջանի մէջ, ուրկէ կը նախատեսուի որ անցնի այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքը։ Երեւան, սակայն, կտրականապէս դէմ է նման միջանցքի մը հաստատման։
Տարածաշրջանին մէջ Ատրպէյճանի դերակատարութիւնը սահմանափակելու իմաստով տեղ մը կը մերձենան Իրանի եւ Եւրոպայի, յատկապէս Ֆրանսայի շահերը:
Ֆրանսան դիտորդական խումբեր ուղարկելով կը միտէր սահմանափակել Ատրպէյճանի ազատ շարժումը շրջանին մէջ, այնպէս ինչպէս Իրանը:
Շրջանի ազդեցիկ ուժերը, յատկապէս Ռուսիան եւ Իրանը, սակայն, պիտի ընդունի՞ն արեւմտեան նոր կողմի մը ազդեցութեան աճը Հարաւային Կովկասի մէջ:
Հայկական դիւանագիտութիւնը բարդ կացութեան առջեւ կանգնած է այս բոլոր ուժերուն հետ յարաբերութեան հաւասարակշռութիւնը պահպանելու, միեւնոյն ատեն Հայաստանի պաշտպանական համակարգը ուժեղացնելու իմաստով: