Սրտի զարկն ալ չափաւոր ըլլալու է։ Արագը վնասաբեր է, կամացն ալ։
Չափաւորը բնական է։
Լուռ մնալն ալ չափաւոր ըլլալու է։ Միշտ լռելով մեր զգացումներն ու ապրումները կը թաղենք։ Միշտ խօսելով ալ շուտով մեղքեր կը գործենք։
Չափաւորը վայելուչ է։
Երգչախումբն ալ ունի ղեկավար մը, որ չափ կու տայ։ Այլապէս երգեցողութիւնը համաչափ եւ ներդաշնակ պիտի չըլլայ։
Չափաւորը գեղեցիկ է։
Շատեր չափազանց  գովելով կեղծ գովասանքներ կը շռայլեն, ուստի չեն կրնար արդար գնահատել։ Իսկ  ուրիշներ ալ յարատեւ քննադատելով չեն կրնար լաւն ու բարին տեսնել։
Չափաւորը օգտակար է։
Շատ քնանալով ծուլութեան վարժ պիտի ըլլանք, քիչ քնանալով ալ մեր եռանդը պիտի կորսնցնենք։
Չափաւորը առողջարար է։
Չափաւորութեան գաղտնիքը գտնողը կրնայ խաղաղ ապրիլ։
Անցեալը՝ սիրուն հեքիաթ, ներկան՝ անաւարտ պատմութիւն եւ գալիքը՝ լոյս աշխարհ հասնելիք նորութիւն։
Անցեալը՝ ապրուած ճշմարտութիւն, ներկան՝ յայտնուած իրականութիւն, գալիքը՝ ծածուկ գիտութիւն։
Անցեալը՝ քաղցր մեղեդի, ներկան՝ կոչ պայքարի, գալիքը՝ հանելուկ անլուծելի։
Անցեալը՝ պատասխան, ներկան՝ հարցարան, ապագան՝ քննութեան շրջան։
Անցեալը՝ յուշատետր, ներկան՝ օրատետր, ապագան՝ ծաւալուն գիրք։
Անցեալը՝ Եդեմ, ներկան՝ Սոդոմ-Գոմոր, ապագան՝ Վերին Երուսաղէմ։
Անցեալը՝ մանկապարտէզ, ներկան՝ անտառ, ապագան՝ դալար արօտավայր։
Անցեալը՝ եղանակ, ներկան՝ յօրինում եւ ապագան՝ համերգ։
Անցեալդ՝ դրամագլուխ, ներկադ՝ շահարկում, ապագադ՝ ժառանգութիւն։
Անցեալդ՝ փորձառութիւն, ներկադ՝ աշխատութիւն, ապագադ՝ վարձատրութիւն։
Դժգոհող մարդը հրաշք ալ կատարուի պիտի չտեսնէ պատահածը։
Ագահ մարդը ներկան անկաշկանդ ապրելու ոսկի  առիթէն ինքզինք կը զրկէ եւ կ’ապրի խղճալի կեանք մը։
Հպարտը պարզ նիւթը վէճի կը վերածէ, վէճն ալ հակառակութեան, իսկ հակառակութիւնը՝ թշնամանքի։
Արդարութեան գեղեցկութիւնը սիրելու համար պէտք է մեղքին տգեղութիւնը տեսնել։
Զղջալ առանց յոյսի կը նմանի հասնիլ մինչեւ հիւանդանոց, բայց բժիշկին չներկայանալ։
Հայրական խրատը՝ կտակ է, մայրական  աղօթքը՝ օրհնանք, որդիական յարգանքը՝ հաւատարմութեան նշան։
Եթէ մեռած խիղճերուն դագաղագործ մը գտնուէր, վըստահ որ ամէնէն նշանաւոր գործատէրը պիտի ըլլար այդ անձը….
Սխալը փոշի է, կոպիտ սխալը՝ աղտ, սխալներու շարանը՝ աղբանոց։
Կեանքը Աստուծմէ նուէր է, գիտակից կեանք ապրողը այդ «նուէր»-ը խնամքով եւ իմաստութեամբ կը գործածէ։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան