Սոյն գրութիւնը տպաւորութիւն է «Կար ու Չկար… Հալէպ» ցուցահանդէսէն «Հաթապ» հրապարակին մէջ։
«Եւ ծիծեռնակները, այդ գարնան, չհասկցան, թէ ինչո՛ւ չկային փայտի հրապարակին զիրենք սպասող մանչերը»:
Մարուշ Երամեան
Դուրսը աշուն կը բուրէ: Առտու կանուխ աշակերտը՝ դպրոց, պաշտօնեան եւ աշխատաւորը գործի կը վազեն: Ծիծեռնակներն ու աղաւնիներն ալ կը պատրաստուին գաղթելու: Դուրսը աշուն է: Աշուն է աւերակներուն, քարակոյտերուն, լքուած տուներուն ու անոնց նման լքուած մարդոց վրայ:
* * *
Հո՛ն անդին դուռեր կախուած են երկինքէն: Դուռեր դէպի երկի՞նք, երկինքէ՞ն դուռեր…:
Անոնք լքեցին իրենց տուները կամայ-ակամայ:
Հոս մնացին լոկ դուռերն իրենց տան, կամայ- ակամայ:
* * *
Հո՛ն շիրիմներ են, շիրիմներ անթաղ 10, 20, 30, 40-ամեայ մարդկանց շիրիմներ…
«Երբ մեծնաս,- ըսին,- աշխարհը պիտի փշրես, բայց նայեցէ՛ք, ո՛վ զո՛վ փշրեց…»:
* * *
Մենք բանտարկեալ ենք վանդակին մէջ մեր:
Ընկղմած ենք մենք եւ չենք նկատեր որ վանդակներուն դուռերը բաց են:
Շղթայուած ենք մենք եւ չենք նկատեր որ պատնէշներ չկան մեր առջեւ:
Ճնշուած ենք մենք եւ այդ ճնշումէն պայթած ենք արդէն…
* * *
Իւրաքանչիւրը իր հոգերն ունի, իր ցաւերն ունի:
Իւրաքանչիւրը այդ ցաւերն շալկած, այդ հոգերն շալկած իր ճամբով կ’երթայ, կ’երթա՜յ, կը ճախրէ՜…
Իւրաքանչիւրը այդ մեծ հոգերով, այդ մեծ ցաւերով իր երազանքին ետեւէն կ’երթայ, կ’երթա՜յ, կը ճախրէ՜…
Եւ ո՞ւր են հիմա այդ մեծ ցաւերը, հոգերը այդ մեծ…
Ճախրանքի ատեն կորսուա՞ծ արդեօք…
* * *
12 տարին անցաւ առանց վայրկեան մ’իսկ կենալու,
12 տարին անցաւ, ու անոր հետ հեռացան անոնք
Ձտեսութեամբ կամ առանց
Ու իւրաքանչիւր տարի, հետզհետէ անէացան անոնք
Մեր մէջ ձգած լոկ իրենց հոգին…
* * *
Կ’անձրեւէ: Կ’անձրեւէ ու կը թրջէ գետինը, տուներն ու տանիքները:
Կ’անձրեւէ ողողելով մեր հոգին: Կաթիլները կ’իյնան մեր վրայ սրբելով ամէն թախիծ, ամէն ցաւ, ամէն կորուստ:
Կ’անձրեւէ, բայց մենք չենք գիտեր որ կաթիլները անոր, հոգիներն են անոնց, որոնք ելան վեր, դէպի յաւերժութիւն:
* * *
Լռութի՜ւն, անդորր… Ոչ իսկ շշուկ մը հանէ՛… Սո՜ւս, ան կը հանգչի հոն…
Կեանքի կարուսելը կը դառնայ անվերջ: Բայց ան դեռ հոն է, ինչ փոյթ թէ չ’ապրիր, ինչ փոյթ թէ զոհ էր ան կոյր գնդակի եւ կամ բեկորի: Ան տակաւին հոն կը հսկէ լռիկ, խաղաղ հանգիստը իր ժողովուրդին…
* * *
Ուրուականներու մեծ քաղաքին մէջ մարդիկ կը քալեն…
Աւերակներուն մէջէն ժպտերես մարդիկ կը քալեն…
Այսքանէն յետոյ ինչպէ՞ս կը ժպտին,
Այսքանէն յետոյ որքա՞ն ուժ ունին,
Որքա՜ն յոյս ունին,
Որքա՜ն կամք ունին ապրելու անոնք:
* * *
Օդին մէջ կախուած չենք կրնար թռչիլ
Մեզ վար կը քաշեն խոշոր քարերը
Մեզ վար կը քաշեն մեծ-մեծ ցաւերը
Հսկայ կորուստներ մեզ կը քաշեն վար
Ու չենք կրնար թռչիլ օդին մէջ կախուած…
* * *
Կը հիւսէ գոյն-գոյն
Կը հիւսէ անվերջ
Տան Մեծ Մայրիկը
Իր թոռան համար
Ու այդ թելերէն
Ու այդ գոյներէն
Կը հիւսէ հեքիաթը՝
Թոռան կեանքին ճամբան…
* * *
Տուէ՛ք թեւերս: Մի՛ կտրէք զանոնք: Ես պիտի թռչիմ: Ես պիտի հասնիմ իմ երազանքին:
Թեւերս տուէ՛ք, երազս տուէ՛ք: Ես պիտի փշրեմ այդ շղթաները: Ես պիտի թռչիմ ազատ ու խաղաղ մեր երկինքին մէջ:
Վեհան Պարսումեան