79-ամեայ Վարսենիկ Կարպուշեան- Մահշիկեանը յուզմունքով կը վերյիշէ իր մանկութեան օրերը, աչքերուն փայլքը կը վկայէ իր անսահման ուրախութեան մասին, երբ կը պատմէ Քեսապ վերահաստատուելու իր օրերուն մասին։ Անոր կենսունակութեան աղբիւրը Քեսապի բնութիւնն ու կլիման են։ «Վերջապէս Քեսապ ամենասիրած վայրս  է», նայուածքը լեռներուն ուղղելով կը շեշտէ տիկին Վարսենիկ։
Ծնած է Քեսապ։ Ազգ. Ուսմն. Միացեալ վարժարան յաճախելուն կողքին, փոքր տարիքէն անդամագրուած էի ՀՄԸՄ-ի Արենուշական Շարժումին։ «Քեսապը հայաբնակ էր ամբողջութեամբ։ Թէեւ դէպի Հայաստան ներգաղթը ազդեց բնակչութեան թիւին վրայ, սակայն քեսապցիները Հայաստանի մէջ ալ պահեցին իրենց միութիւնը, աւանդոյթները։ Քեսապի մէջ ազգային կեանքը շատ աշխոյժ էր։ Միութիւններուն մէջ կը սորվէինք հայոց պատմութիւն, ազգային երգեր եւ հաւաքական աշխատանք»,- կը պատմէ տիկին Վարսենիկ ու կը շեշտէ որ քեսապցիները ինչ պայմաններու մէջ ալ ըլլային ուսումնատենչ էին։
«Մեր օրերուն Քարատուրանէն, զորօրինակ, աշակերտներ անձրեւին, պաղուն հետիոտն լեռներէն իջնելով դպրոց կ’ուղղուէին։ Աղքատ, հարուստ՝ բոլորին զաւակները դպրոցական էին։ Անուս մարդ չկար։ Ամէն ընտանիք իր զաւակը դպրոց պիտի ուղարկէր, որքան ալ ծանր տնտեսական պայմաններու մէջ ըլլար։ Ունէինք, օրինակ, այրի մայր մը, որ երեք մանչ զաւակ ունէր։ Որոշեց դպրոցի տնտեսուհին դառնալ, փոխարէնը իր զաւակները դպրոց արձանագրել։ Ապագային երեք մանչերն ալ բարձրագոյն ուսման մակարդակի հասան։ Անշուշտ ունեւոր ընտանիքներ ալ սան կը պահէին մեր դպրոցներէն ներս»,- կը յիշէ ու կ’աւելցնէ. «Այստեղ դպրոցական կեանքը ուրիշ էր, դպրոց կու գայինք քալելով, լեռներուն, ծառերուն բոյրը շնչելով, գիտէինք որ թուփին տակ մանուշակ կար, քիչ մը անդին նարկիզ կար»,- կը պատմէ ու կը վերյիշէ ուսուցիչներ՝ Ժոզեֆ Պասմաճեանը, պրն. Աթիքեանը եւ պրն. Ասատուրը, անոնց դասաւանդութեան լրջութիւնը եւ այլն։
Տիկին Վարսենիկ Քեսապ ծնած, Լիբանան փոխադրուած եւ Լաթաքիոյ մէջ որոշ շրջան մը ապրելէ ետք վերջնականապէս Քեսապ վերահաստատուած է ամուսնոյն հետ, որուն մահէն ետք առանձին կ’ապրի Քեսապի իր տան մէջ։ Զաւակները գաղթած են Եւրոպա, սակայն ինք մերժած է հեռանալ ծննդավայրէն։
Շարունակելով պատմել Քեսապի հայկական կեանքին մասին, հայուհին նկատել կու տայ, որ Քեսապի վարժարանները, հայկական ակումբն ու գրադարանը հայ պահեցին քեսապցիները։ Անոր համաձայն, չկար երիտասարդ մը, որ Կիրակի օրերը կարգի չսպասեր, ակումբէն արձակուելէն ետք եկեղեցւոյ կից գրադարանէն գիրք առնելու համար։ Երիտասարդութիւնը ընթերցասէր էր։
Խօսելով քեսապցի տղամարդոց մասին, տիկին Վարսենիկ կը շեշտէ, որ քեսապցիները վարպետ հողագործներ եւ արհեստաւորներ էին։ Առաւօտեան վաղ ժամերէն պարտէզ կ’ուղղուէին։
«Պարտէզի գործերը աւարտելէն ետք ընտանիքներով կը հաւաքուէինք։ Երէցները ամէն գիշեր մեզի պատմութիւն կը պատմէին, իսկ մենք, օճախի մը շուրջ նստած, ակնածանքով մտիկ կ’ընէինք իրենց։ Յիշողութեանս մէջ դրոշմուած է, օրինակ, մեր գիւղի Տային, բուն անունով Ովսիա Սաղտճեան։ Տային կտրիճ մարդ էր։ Ան գիշերները կը լուսցնէր հսկելով Քեսապի ապահովութեան։ Թուրքիոյ սահմանամերձ գիւղ էինք, չէ՞։ Քեսապցի մայրերը իրենց զաւակները քնացնելու համար կը հանգստացնէին զիրենք ըսելով. «Տղա՛ս, հանգիստ քնացի՛ր, Տային Քեսապ  է»»։
Քեսապի աւանդոյթներուն մասին խօսելով ան կը յայտնէ, որ Քեսապի գիւղական հարսանիքները յատկանշական էին ու տակաւին կը շարունակուին այդպէս մնալ, հակառակ անոր որ քիչ մը եւրոպականացած են այս օրերուն։ «Հարսանիքներէն մէկ օր առաջ անպայման ձաւար կ’աղային եւ փիլաւ ու ճերմակ լուբիա կ’եփէին։ Բոլոր գիւղացիները, ոչ միայն հրաւիրեալները, բարեւ մը ըսող անցնողներն իսկ անպայման ընթրիքի պիտի նստէին։ Ուրախութիւնը բոլորին էր։ Բոլորը պիտի մասնակցէին հարսանիքին։ Հարսնցուները իրենց ձեռագործներով օժիտ կը պատրաստէին, որովհետեւ քաղաք մեկնիլը դժուար էր։ Հայկական մեր ասեղնագործութիւնը աւանդաբար կը փոխանցուէր սերունդէ-սերունդ»,- նկատել կու տայ ան։
Վերջին տեղահանութենէն մասին խօսելով տիկին Վարսենիկ խոր ցաւով կը վերյիշէ կարգ մը մանրամասնութիւններ. «Տեղահանութենէն ետք Քեսապ մեծ վնաս կրեց. զինեալ ահաբեկիչներ թալանեցին ամբողջ Քեսապը, սպանեցին երկու քեսապցի, մեր ապրանքը, նոյնիսկ կենդանիները փոխադրեցին, տիրացան ամբողջ մեր ունեցուածքին, գիւղացիին հողագործութեան իրերուն եւ մեքենաներուն, իրենց հետքն ալ թողուցին՝ բնակարաններու պատերուն վրայ իրենց անունը արձանագրելով։ Սակայն քեսապցիները վերադարձան եւ իրար թեւ թիկունք կանգնելով վերաշինեցին իրենց տուներն ու կրկին ծաղկեցուցին գիւղը»։
Խօսելով իր պապենական տան մասին, տիկին Վարսենիկ կը պատմէ. «Մենք բազմանդամ ընտանիք էինք՝ չորս քոյր, չորս եղբայր։ Հայրս հայեցի, ազգային դաստիարակութեամբ մեծցուցած է մեզ։ Երբեք չեմ մոռնար այն պահը, երբ տարիներ առաջ  նստած էի պատկերասփիւռին դիմաց ու յանկարծ քրոջս տղան՝ Ռաֆֆի Թիթիզեանը ձերբակալուած տեսայ Քանատայի ոստիկանութեան կողմէ։
-Վա՜յ, Ռաֆֆի՛, աս ինչ պատահեցաւ,- ըսի ու խօսեցայ Ռաֆֆիին մօր՝ քրոջս՝ Մարիին հետ։ Մարին հպարտ էր տղուն արարքին համար։ Երբ շատեր կը կարծէին, թէ քոյրս պիտ լայ եւ ողբայ, ան կը կրկնէր.
-Տղաս ոճրագործ չէ։ Ան հայ ազգին դատը կը պաշտպանէ եւ արդարութիւն կը պահանջէ»։
Տիկին Վարսենիկ, նստած իր տան պատշգամը, խաղողի որթատունկի շուքին տակ, իր սիրած Բարտիի տերեւներուն խշշոցը լսելով կը պատմէր ու կը պատմէր… դէմքին  գիծերը մերթ ուրախ եւ մերթ տխուր երանգներով  արտայայտութիւն կու տային աչքերուն։ Տխրութիւնը հաւանաբար զաւակներուն կարօտին արդիւնքն էր, իսկ ուրախութիւնը՝ Քեսապի օդը շնչելուն, անոր հողին վրայ անվախ եւ ապահով քալելուն բերկրանքն էր։
«Մեր աւանդոյթները պէտք է պահենք, յատկապէս Քեսապի բարբառը»,- շեշտեց ան ու Քեսապի բարբառով փակեց մեր զրոյցը։
-Իս շէօտ ուրախ իմ քի դէօք իկէօծ իէք զէս տըսնիլա։
«Լրագրական սեմինար»-ի աշխատանքային խմբակ
Քեսապ, 3 Հոկտեմբեր 2022