Մանկութեանս տունն եմ: Ամառ է: Արձակուրդ է: Գիշերները մինչեւ ուշ ժամեր անքուն մնալու եւ առաւօտուն անհոգ արթննալու առիթը կ’օգտագործեմ: Օդը տաք է. տաքը՝ անապատային: Բայց անկողինս պատին կպած ըլլալու առաւելութեամբ պաղ քարը կը հպի դէմքիս ու այդ հաճոյքը վայելելու համար կ’ուզեմ աւելի սուզուիլ ծածկոցիս տակ:
-Հա արթնցա՞ր, ես ալ պիտի գայի արթնցնելու,- կ’ըսէ մայրս ու կը շարունակէ տոլմաները շարել կաթսային մէջ:
-Հիմա… մինչեւ  տոլման եփի կը պատրաստուինք: Շուկայ պիտի մեկնինք: Գնումներ ունինք:
-Ի՞նչ գնում,- կ’ըսեմ ու աչքերս շփելով կ’ուղղուիմ պատշգամ:
-Մանր-մունր գնումներ ունինք. Թիլէլ պիտի երթանք, յետոյ բուրդի շուկայ:
-Բուրդի շուկա՜յ,- աչքերս կը փայլին ուրախութենէն,- յետոյ կրնա՞նք երթալ հնդկընկոյզ ուտելու:
-Անշո՜ւշտ…
Պատշգամը կեցած գաւաթ մը կաթը ձեռքս կը դիտեմ անցորդները:
Եռուզեռը շատոնց սկսած է արդէն: Փերեզակներու, շրջուն վաճառորդներու պոռչտուքները, հոն խաղացող երեխաներու աղմուկը խլացուցիչ ժխոր մը կը ստեղծեն:
Բայց հեռուէն, չես գիտեր ուրկէ, ռատիոյի մը խրպոտ ձայնով կը լսուի Ֆէյրուզին երգերէն մէկը.
-Պաատաք ալա պա՜լի, եա հլու եա մաղրո՜ւր… «Դեռ միտքս ես, ո՜վ գեղեցիկ ու գոռոզ»…
Բառերն ու երաժշտութիւնը կը շոյեն հոգիս, կը թափանցեն անոր խորերը ու կարծէք կու գան արթնցնելու այն ինչ որ պահ մը մոռցուած կը կարծուէր…
Գայիանէ՛, պատրա՞ստ ես:
Մենք ալ պատրաստ էինք, տոլմաներն ալ:
Սուլէյմանիէէն մինչեւ Ազիզիէ հասնող ճամբուն անուշավաճառներու, պտղավաճառներու, եւ հագուստեղէնի խանութներու ժապաւէնի շարքը անվերջ կ’երկարի:
Կը հասնինք Թիլէլ: Աւելի քան 150 առեւտրական խանութներով օժտուած այս շուկան՝ Հալէպի ամենամեծ ու  վաճառաշահ կեդրոններէն մէկը կը համարուի: Հոս ամէն արժէքի, որակի ու ճաշակի ապրանք կարելի է գտնել, շրթներկէն սկսեալ  մինչեւ կօշիկներ: Խանութներուն կողքին կան նաեւ  փողոցին սկիզբէն մինչեւ վերջ քով-քովի դասուած սեղանիկներ. Մէկը, յատուկ  բանաստեղծական քառեակ մը ստեղծած, ամբողջ ուժով կը գոռայ՝ գովելով իր «բարձրորակ» ապրանքը.
– Այս կողմ հրամմեցէ՛ք, տիկի՛ն, հարիւր առ հարիւր բամպակեայ են: Ինչի՞ պէտք ունիք…
Վա՜յ որ յանկարծ այդ փերեզակներէն մէկուն հարցնես ապրանքի մը արժէքը ու չգնես: Իւրաքանչիւր քայլիդ ան կ’ուղեկցի քեզի ու ընթացքին ապրանքին գինը քանի մը սուրիական ոսկի կը նուազեցնէ, այնքան որ հրաժարիս որոշումէդ ու գնես առաջարկուած ապրանքը:
Կ’անցնինք Թիլէլէն, կը հասնինք «Հոգետուն»՝ հոգիին տունը: Այստեղ ժամանակին Երուսաղէմ գացող ուխտաւորներուն հանգստավայրն էր: Ներկայիս վերածուած է  մեծ փերեզականոցի:
Հոգետունէն մեր գնումներն ալ ամբողջացնելէ ետք, օրուան պտոյտին նախասիրած բաժինս կու գայ:  Հակառակ ուղղութեամբ քալելով կ’անցնինք դէպի աջ՝ Սահէթ ֆարհաթի ոսկերիչներու խանութներուն դիմացէն: Այդ խանութներուն սեփականատէրերը մեծամասնութեամբ հայեր են:
Հոնկէ նեղլիկ թաղ մը մտնելով, կարծէք ուրիշ աշխարհ մը մուտք կը գործենք: Քառակուսի քարերով շինուած սալայատակը, քով-քովի իրար գրկած հի՜ն ու տարբեր համայնքներու պատկանող եկեղեցիները հազար ու մէկ պատմութիւն կը պատմեն:
Եւ ահա 15-րդ դարուն կառուցուած Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, այս թաղերուն կուրծքին կախուած ուլունքն է կարծէք:
Բուրդերու շուկա՜ն … իրար քով տասնեակ մը խանութներ տեսակաւոր, գոյնզգոյն երանգներով, քով-քովի շարուած դրական եւ գոհացուցիչ պատկեր մը կը ներկայացնեն: Մանուկ հոգիս կ’ուզէ գրկել բուրդերը ու անվերջ նետուիլ անոնց մէջ:
Դիմացի թաղը պիտի անցնինք: Մամայիս աչքերուն կը նայիմ, արդէն հասկցեր եմ: «Ճոզըլհընտ»-երու նշանաւոր թաղը պիտի մտնենք: Հնդկընկոյզով թխուած «ճոզըլհընտ»-ին բուրմունքը ամբողջ աշխարհը առած է:
Անկարելի է այստեղէն անցնիլ ու չհամտեսել այս քաղցրեղէնը, բերանս ջրոտած է արդէն: Կը քակեմ թափանցիկ տոպրակին հանգոյցը ու մեծ խած մը կ’առնեմ: Պատառը լեզուովս քիմքիս կը փակցնեմ, որ աւելի վայելեմ շաքարին քաղցրութիւնը:
Նոյն նեղլիկ թաղերուն մէջէն անցնելով ու «ճոզըլհընտ»-ս ուտելով տուն կը վերադառնանք:
Մեքենաներու ու շուկայի ժխորէն հեռու, հոգեկան անդորրութիւնն ու ներքին հանգստութիւնը անբացատրելի են: Միայն անցորդներուն ոտնաձայները կը լսուին: Իսկ անցորդները՝ ստուերի պէս անտարբեր ու անդէմք կ’անցնին քովէս…
Ոտնաձայները կը բարձրանան, դէմքերը օտար են, անճանաչելի, կ’աղմկեն, կը խօսին, կը վիճին կարծէք …. բայց ո՞ւր է մամաս, աջ ու ձախ կը վազեմ… երեխայի ճիչեր կը լսուին, աւելի ու աւելի կը բարձրանան, ո՞վ է այս երեխան…
Կը սթափիմ:
Ամուր կը գրկեմ երեխաս,  բուրմունքը կը նմանի «ճոզըլհընտ»-ին  ու շա՜տ կը համբուրեմ զինք….
Գայիանէ
Ֆրանսա