«Ռատիօ Վատիկան» – Սրբակեաց անձի մը երանացման եւ սրբադասման դատը ընդհանրապէս սկիզբ կ՛առնէ թեմական փուլով, որով բացումը կը կատարուի թեկնածուի կեանքին, առաքինութիւններուն, սրբութեան համբաւի մասին հետազօտութեան գործընթացին եւ այս է ահա այն ինչ, որ նախատեսուած է յառաջիկայ Ուրբաթ` 28 հոկտեմբեր 2022ին, Սուրբ Բարթողոմէոսի հետ միասին Հայաստանի առաքեալ Սուրբ Թադէոսի ծիսական տօնին օրը, Հռոմի Սան Ճովաննի Ին Լաթերանօ Քահանայապետական պազիլիքային մէջ, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Հայազգի պարծանք` երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի երանացման եւ սրբադասման դատի թեմական փուլի բացման արարողութեամբ, զոր պիտի նախագահէ Հռոմի Թեմի Քահանայապետին տեղակալ Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը, ներկայութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հայրապետին, հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ու հայ եւ օտար հաւատացեալներուն։

Արարողութեան ներկայ կը գտնուին նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանները ու դեսպանատուներու անձնակազմը։

Արարողութեան հանգրուանները

Օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ հայերէն լեզուով Հայր մեր աղօթքի երգեցողութեամբ, որմէ ետք ընթերցումը կը կատարուի թեմական դատի հետազօտութեան բացման զեկոյցին, ու «Postulatore»ն, այսինքն սրբադասման դատի Խնդրարկուն, Հայր Քարլօ Քալլոնի` թեմին եպիսկոպոսին խնդրանք կը ներկայացնէ սկիզբ տալու երանացման ու սրբադասման դատի թեմական փուլի գործընթացին, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ Թեմական Դատարանի անդամներուն եւ Խնդրարկուին հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան երդման արարողութիւնը։

Արարողութեան ընթացքին երդում կը կատարեն Թեմական դատարանի անդմաները. Գերապայծառ Ճուզեփփէ Տ՛ալոնցօ` Եպիսկոպոսական պատուիրակ, Արադարութիւն Խթանողը Հայր Ճորճօ Ջուջի, Նոտարը` Մարչելլօ Թերրամանի, եւ Նոտարի օգնականը` Ֆրանչեսքօ Ալլեկրինի։

Երդման կարգէն ետքը խօսք կ՛առնէ Հռոմի Թեմի առաջնորդը ներկայացնելով` Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Աղաճանեանն ու անոր սրբակենցաղ կեանքի վկայութիւնները։ Անոր կը յաջորդէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս Պատրիարքին ողջոյնի խօսքը, որմէ ետք բոլոր ներկաները միասնաբար կ՛արտասանեն Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Աղաճանեանին նուիրուած բարեխօսական աղօթքը։

Արարողութիւնը կ՛եզրափակուի երջանկայիշատակ հայոց մեծանուն հայրապետին շատ սիրելի «Կիլիկիա» երգով։

Հռոմի Թեմին հաղորդագրութիւնը

Վերոնշեալ արարողութեան առթիւ Հռոմի Թեմին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ ներկայացուած է երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին կենսագրական գիծերը որոնց մասին արտայայտուելով, Սրբադասման դատի Խնդրարկու Հայր Քարլօ Քալլոնի յատրարած է թէ «Կարդինալ Աղաճանեանի իմաստուն առաջնորդութեան տակ`1915ի ցեղասպանութեան արիւնալի եւ խռովութեան իրադարձութիւններէն ետքը, հայ կաթողիկէ Եկեղեցին, հայկական սփիւռքի մէջ վերատիրացաւ իր հեղինակութեան եւ կարեւորութեան»։

Խնդրարկու` Հայր Քալլոնիի վկայութիւնը

Ապա խօսելով վսեմաշուք Աստուծոյ ծառայի Հաւատոյ Տարածման Ժողովի Կառավարիչի պաշտօնի մասին, Հայր Քալլոնին նշած է որ «Այս պաշտօնին մէջ Ան մօտէն եւ ուշադիր կերպով հետեւեցաւ ամբողջ աշխարհի կաթողիկէ միսիոներներու կազմաւորման, և մեծապէս պատասխանատու դարձաւ զարգացող երկիրներուն մէջ Եկեղեցւոյ քաղաքականութեան ազատագրման համար»:

Հռոմի Թեմին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յատուկէն կը նշուի նաեւ հայոց մեծանուն Հայրապետին ներդրումը Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովէն ներս եւ անոր ունեցած առանձնայատուկ դերը «Ad gentes» միսիոներական հրամանագիրի և ժամանակակից աշխարհին մէջ Եկեղեցւոյ Սահմանադրութեան «Gaudium et spes»ի պատրաստման գործին մէջ։

Այս առիթով յիշեցնենք որ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական մուտքին աջ կամարի վրայ զետեղուած մարմարէ քարի մը վրայ փորագրուած են բոլոր այն հայրապետներուն անունները, որոնք մասնակցեցան Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին, անոնց շարքին է նաեւ Վսեմաշուք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան