Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան վարչութիւնը այս տարի եւս պիտի կազմակերպէ միութեան ննջեցեալներու հոգեհանգստեան պաշտօնը, որուն ընթացքին պիտի յիշատակուի միութեան նախկին ատենապետ Գէորգ Պոմպայեանի Ա. տարելիցը։
Արդարեւ կը ներկայացնենք ընկերոջ կենսագրականը։
Հանդարտաբարոյ, հաւասարակշռուած նկարագիրով, փայլուն դիմագիծով հայորդի մըն էր ընկ. Գէորգ Պոմպայեանը։ Ծնած էր Հալէպ, 1938-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Սահակեան վարժարանէն ներս։ Փոքր տարիքէն մուտք գործած է ոսկերչութեան ասպարէզ եւ դարձած ակնառու արհեստաւոր, հմուտ՝ ոսկերչական գործի մանրամասնութեանց մէջ։ Իր արտադրանքը ոսկերչական ասպարէզէն ներս եզակի էր եւ բարձրաճաշակ։ Ընկեր Գէորգին խանութը միութենականներու եւ համակիրներու հանդիպման կեդրոն դարձած էր: Անոր ժպտադէմ եւ հիւրընկալ ընդունելութիւնը այցելուներուն թիւը կը բազմապատկէր: Այցելուները զանազան հարցերու շուրջ կը զրուցէին եւ խորհուրդ կ’առնէին իրմէ։
Միութենական աշխոյժ ներկայութեան կողքին, ընկ. Գէորգ ստանձնած էր Ուրֆայի Երիտասարդաց Միութեան ատենապետութեան պաշտօնը (1972-73), ուր ամենայն բծախնդրութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով կը կատարէր իրեն վստահուած գործը։ Միութեան ձեռնարկները, պարահանդէսները կամ հրատարակուած օրացոյցները յատկանշական էին իրենց ազգային դիմագիծով եւ իւրայատուկ երանգով։ Ան մօտէն կը հետապնդէր միութեան աշխատանքները եւ բարեսիրական նուիրատուութիւնները՝ յատկապէս կարիքաւոր աշակերտներուն ուղղուած:
Իրեն հարազատ Ուրֆայի Հայրենակցական Միութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակէ գործել եւ ի գործ դնել իր առաքելութիւնը։
Գէորգ Պոմպայեան հայավայել աշխատասիրութեամբ եւ նուիրեալ միութենականի կոչումով շարունակեց իր եռանդուն գործունէութիւնը մինչեւ 2001 թուական, երբ տիկնոջ հետ գաղթեց ԱՄՆ, իսկ 2021-ին փակեց իր աչքերը ընտանիքին եւ հարազատներուն մէջ։
Լոյսերու մէջ թող հանգչի բարի հոգիդ: Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ, ընկե՛ր Գէորգ:
Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան Վարչութիւն