Յայտարարութիւն

Համազգային միասնութիւնը, իրօք որ, հայ ժողովուրդին համար միակ փրկութիւնը կրնայ ըլլալ այս վճռորոշ ժամանակահատուածին: Արցախի քաղաքական ուժերն ու իշխանութիւնները իրենց յայտարարութիւններուն ու կոչերուն մէջ միշտ կարեւոր համարած են եռամիասնութեան գաղափարը եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող գործնական քայլերը: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան իրականացման համար կարեւորագոյն հանգրուաններ եղած են մայր հայրենիքի եւ Արցախի մէջ տարբեր ձեւաչափերով կազմակերպուած համաժողովներն ու քննարկումները: Այդ հաւաքներուն մէջ մեր հայրենակիցներու շփումները առիթ եղած են աշխարհին, մեր բարեկամներուն ու հակառակորդներուն ապացուցելու, որ յանուն արժէքներու եւ կենսական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու՝ հայ անհատը, աշխարհի որ անկիւնի մէջ ալ ըլլայ, պատրաստ է զոհողութեան ու նուիրումի, համախմբման ու բռունցքուելու: Անցած տասնամեակներուն Արցախը եղած է այդ համախմբման հիմնական առանցքը, հանդիսացած է հայկական աշխարհի խմորիչը, մարմնաւորած է հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի տեսլականը: Արցախով սկսած է եւ Արցախով իմաստաւորուած է իւրաքանչիւր համախմբումի կոչ, իւրաքանչիւր համահայկական գաղափար:

 

44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն յետոյ, Արցախի պետականութեան պահպանման, ամրապնդման եւ վէրքերու ապաքինման առումով համոզուած ենք, որ մեծ դեր կրնայ ունենալ համազգային արժէքներու ու եռամիասնութեան գաղափարի շուրջ համախմբումը: Սոյն թուականի 28_31 Հոկտեմբերը Երեւանի մէջ նախատեսուած է կատարել Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով: Այդ ժողովի օրակարգին եւ կազմակերպման ընթացքին իրենց վերապահումները արտայայտած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հովուապետները՝ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսութիւնները: Գագաթնաժողովին չեն հրաւիրուած կամ դէմ դրած են Սփիւռքի ազդեցիկ քաղաքական կազմակերպութիւններ ու անհատներ:

Գագաթնաժողովի օրակարգը եւ նախատեսուած նախաձեռնութիւնները պատշաճ ու համարժէք չեն անդրադառնար Արցախին եւ անոր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն: Արցախը կը բացակայի այս գագաթնաժողովէն, այն պարագային, երբ պէտք է համազգային տագնապի կոչնակ հնչեցնել: ՀՀ իշխանութիւնները ոչ մէկ ջանք կը խնայեն Արցախն ու Արցախի հարցը դուրս մղելու թէ՛ միջազգային, եւ թէ՛ համահայկական օրակարգէն: Այս գագաթնաժողովը նշուած իրականութեան եւս մէկ ապացոյցն է: Արցախը անտեսող եւ կեղծ համահայկականութեամբ քողարկուած այս ժողովը անընդունելի պէտք է ըլլայ բոլոր անոնց համար, որ թանկ են հայոց պետականութիւնը եւ անոր ամրութիւնը ապահովող հիմնասիւները:

Հիմք ընդունելով վերը նշւած իրողութիւնները՝ կոչ կ’ուղղենք մեր հայրենակիցներուն, Արցախի պետական այրերուն մերժելու միասնականութիւնը խաթարող նախաձեռնութիւնները:

Արդարութիւն Կուսակցութիւն

Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն

ՀՅԴ Արցախի կառոյց

24 Հոկտեմբերի 2022