ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ գտնուող ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան երիտասարդական կեդրոնը անուանակոչուած է դաշնակցական ընկեր, ՀՅԴ ԱԵՄ-ի, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան եւ ՀՄԸՄ_ի Արցախի միաւորի վարչութեան անդամ Արտակ Իշխանեանի անունով։

Նախաձեռնութեան ներկայ էին Արտակ Իշխանեանի ծնողներն ու հարազատները, կուսակցական և գաղափարակից ընկերները, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ եւ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան անդամները, ԱՀ ԱԺ «ՀՅ Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան, ՀՅԴ ԱԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, ՀՄԸՄ եւ ՀՕՄ Արցախի միաւորներու ներկայացուցիչները։

ՀՅԴ ԱԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Տաթեւիկ Աղաճանեան, ողջունելով հիւրերը, յայտնեց, որ ներկաներէն շատերը արդէն իսկ ծանօթ են Արտակ Իշխանեանին, սակայն հարկ համարեց բոլորին ծանօթացնելու Արտակ Իշխանեանի կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը։

«Արտակ Իշխանեան ծնած է 3 Յուլիս 1993_ին Մարտունիի շրջանի Աշան գիւղին մէջ։ Յաճախած է տեղւոյն միջնակարգ դպրոցը, որ աւարտելով՝ ընդունուած է Արցախի Պետական համալսարանի ճարտարապետաշինարարական բաժինը։

Աշխատած է ԱՀ ԿԳՄՍ Նախարարութեան մէջ այնուհետեւ «Փարք Հօթէլ Արցախ» հիւրանոցին մէջ

Արտակ Իշխանեան ծառայած է ԱՀ Պաշտպանութեան Բանակի շարքերը, մասնակցած է 2016_ի քառօրեայ եւ 2020_ի քառասունչորսօրեայ պատերազմներուն։