Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ կէս գիշերուան ժամը 00:30-ին, Իսրայէլ պաղեստինեան գրաւուած տարածքներէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց մայրաքաղաք Դամասկոսի ուղղութեամբ։
Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։
Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։