-«Ուաթան Անլայն», Չորեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ  կառավարութիւնը Հուսէյն Արնուսի նախագահութեամբ իր շաբաթական հերթական նիստին ընթացքին 2023-ի Սուրիոյ Հանրապետութեան հաշուեկշիռին նախագիծը պատրաստեց՝ 16.550 միլիառ ս.ո.-ի ընդհ. արժողութեամբ։ 13.550 միլիառ ս.ո. ՝ ընթացիկ ծախսեր, ներառեալ ընկերային ծառայութեան, աշխատավարձերու եւ փոխհատուցման ծախսեր։ -3000 միլիառ ս.ո. ՝ ներդրումային ծախսեր։
Համեմատաբար 2022-ի հաշուեկշիռին, 2023-ի հաշուեկշիռը աւելցած է 3.225 միլիառ ս.ո.-ի արժէքով։
-«ՍԱՆԱ», ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Ամիր Սաաիտ Մակի-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին ընթացքին դատապարտեց իսրայէլեան շարունակական յարձակումները սուրիական տարածքներու վրայ, դիտել տալով որ այդ յարձակումները կը խախտեն ՄԱԿ-ի օրէնքներն ու թիրախ կը դարձնեն Սուրիոյ քաղաքացիներն ու ենթակառոյցները:
-«Ուաթան», Չորեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը տեղեկացաւ, թէ Լիբանանի ապահովական ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Ապպաս Իպրահիմ ամերիկացի լրագրող Օսթըն Թայսի հարցով կը միջնորդէ։ Նախարարութիւնը հերքելով ԱՄՆ-ի զրպարտութիւնները՝ Թայսի Սուրիոյ մէջ առեւանգուելուն շուրջ, կրկին հաստատեց, որ այս հարցին առընչութեամբ ոչ բանակցութիւններ, ոչ ալ միջամտութիւններ տեղի կ’ունենան, իսկ Սուրիան Թայսի մասին որեւէ տեղեկութիւն չունի։
-«Սուրիական պատկերասփիւռի կայան», Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սուրիական-ռուսական ջանքերուն շնորհիւ վերջապէս կարելի եղաւ ճնշում բանեցնել թրքական կողմին վրայ, բռնագրաւուած Ռաս ուլ Այնի մէջ գտնուող «Ալլուք» ջրամատակարարման կայանը վերաբանալու եւ Հասիչէի աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութեան ջուր հասցնելու համար։ Կայանի վերաբանեցումով վերջ գտաւ Հասիչէի բնակչութեան երեք ամսուան ջուրի տագնապը։
-«ՍԱՆԱ», Երկուշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, Իսրայէլ պաղեստինեան գրաւուած հողատարածքներէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց մայրաքաղաք Դամասկոսի ուղղութեամբ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։ Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով, զինուոր մը վիրաւորուեցաւ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։