Մեր նախնիքը վարժ էին քրիստոնէական գթասրտութեամբ, կամ ուխտի եւ հոգեհանգստեան համար կենդանիներ մորթել, ճաշեր պատրաստել եւ կերակրել բազմաթիւ հաւատացեալներ:
«Մատաղ» ըսելով մեր նախնիքը կը հասկնային, ինչպէս կը կարդանք Շնորհալիի, Կոստանդին Ա.ի, Երզնկացիի եւ այլոց մատեաններուն մէջ, գթասրտութեան համար պատրաստուած եւ բաժնուած ճաշերը:
Մատաղ բառը հաւանաբար կու գայ նման ճաշերու համար մորթուած անասուններէն: Նոյն իմաստով օգտագործուած է նաեւ պատարագ բառը:
Մատաղի սովորութիւն կար Յունաստանի, Իտալիոյ եւ Հրէաստանի մէջ եւս, մի՛շտ կապուած կրօնականին:
Մեր սովորութիւնը կու գայ հեթանոսութեան օրերէն, ինչպէս օրինակ Տրդատ թագաւորի հայրը՝ Խոսրով, պարսից դէմ տարած յաղթանակին առիթով «սպիտակ ցլուք եւ սպիտակ նոխազօք, սպիտակ ձիովք եւ սպիտակ ջորովք զհայրենեացն պաշտամանց տեղիսն մեծարէր»: Ինք միակը չէր անշուշտ. Վահան Մամիկոնեան եւս, իր յաղթանակներէն ետք երբ Դուին կը վերադառնար, շնորհակալութեան պատարագ կը մատուցէր Աստուծոյ եւ աղքատները կը կերակրէր: Պէտք է յիշել անշուշտ, որ պատարագ բառը այստեղ մատաղ կը նշանակէր:
Մատաղի ճաշերուն ընթացքին տեղի ունեցած զեխութիւնները պատճառ կը դառնան որ 4-րդ դարէն ետք այդ սովորութիւնը ջնջուի արեւմուտքի մէջ եւ միայն մեր մօտ մնայ, ինչպէս կ’ըսէ Շնորհալին՝ «այլք յազգաց քրիստոնէից ոչ ունին սովորութիւն առնել զայս»:
Եկեղեցին մատաղի յատուկ օրեր նշած չէ, պարզապէս նախընտրելի է որ տօն օրերու ըլլան անոնք, որպէսզի մարդիկ կարենան ազատ ըլլալ եւ միասնաբար վայելել ճաշը:
Բայց մշակութեամբ զբաղող ժողովուրդը կ’ընտրէր տարուան ա՛յն եղանակը, երբ բնութիւնը իր բարիքներով վարձատրած կ’ըլլար անոր աշխատանքը, դիւրացնելով կենդանիներու կամ այլ պարէնի նուիրումը:
Սկիզբի շրջանին մատաղը կը կատարուէր տան մէջ անոր, որ կ’ուզէր մատաղ ընել, բայց ոչ տան ճաշարանը, այլ մուտքին. ու եթէ եկողները բազմաթիւ ըլլային, տան առջեւ, մուտքին կը հրամցուէր ճաշը: Յետոյ սակայն, 7-րդ դարուն մատաղը փոխադրուեցաւ սրբավայրեր, ուր ժողովուրդը կը հրաւիրուէր մատաղի համար:
Եւ անշուշտ կը հրաւիրուէին բոլորը անխտիր, առանց դասակարգերու խտրութեան: Հետաքրքրականը այն է, որ մատաղներուն կը մասնակցէին նաեւ այրի եւ չքաւոր կիները, մինչ այլ ճաշկերոյթներու մէջ անոնց ներկայութիւնը արգիլուած էր:
Մատաղներուն ընթացքին նախ ճաշը կը հրամցուէր աղքատներուն, յետոյ միայն հարուստ դասակարգի մարդոց, ճիշդ նոյն ձեւով, առանց յաւելեալ ճոխութեան:
Սովորութիւն էր նոխազը ճերմակ գոյնով ընտրել, ինչ որ սովորութիւն էր հեթանոս դարերու հայերուն եւ պարսիկներուն մէջ հաւասարապէս: Անշուշտ նոխազը պէտք էր արու ըլլար, սակայն միջին դարերուն այդ պայմանը վերցուած է կարծես, բայց խստօրէն պահուած է կենդանիի ընտիր ըլլալուն եւ արդար, այսինքն ոչ գողութեամբ տիրացուած ըլլալուն պայմանը, որովհետեւ այպանելի էր մատաղի համար, այլ խօսքով աղքատներուն համար պատրաստուելիք ճաշը ոչ ընտիր անասուններէ պատրաստելը:
Հացունի կ’ըսէ նաեւ, որ մատաղի անասունը պէտք էր խորովել կրակով, Զատկական գառնուկին նման,անոր վրայ կնդրուկ եւ իւղ դնելով:
Տեառնական կը կոչուէր այն մատաղը, որ յաջողութեան կամ ուրախ առիթով մը ուխտուած կ’ըլլար: Տեառնականին համար եկեղեցին յատուկ օրեր սահմանած է:
Իսկ հոգեհանգիստը, որ նաեւ հաց հոգւոյ կամ հաց սգոյ կոչուած է, բոլոր ազգերուն եւ կրօնքներուն, նոյնիսկ հեթանոսներուն մէջ եղած է՝ մեռնողին համար ճաշ տալ:
Խաչի Ուրբաթ անունով սովորութիւն մըն ալ եղած է հայոց մէջ, երբ մահացողին ազգականուհիները իրենց սեռակիցները կը հրաւիրէին յիշատակի ճաշի: Այս սովորութիւնը ծագած է հետեւաբար այն պատճառով, որ սովորական հոգեհանգիստներու, չքաւոր այրիներէն զատ կիներ չէին մասնակցեր:
Հացունի կ’ըսէ. «Միայն հոգեւոր սեղանները չէին, որ առանձին նկարագիր ունէին», այլ կային առիթներ, որոնց մէջ ուտելիքի զանազանութիւն կը մտնէր: Եւ կ’աւելցնէ. «Վիշտը կը գողնայ մեր ախորժակը, ժպիտը զայն մեզ կը վերադարձնէ»:
Եւ կը թուէ հարսանիքի, ծնունդի, մկրտութեան եւ բարեկենդանի յատուկ ճաշերը:
Կը նշէ թէ հարսանիքին յատուկ էին նուռը, կարմիր եւ սպիտակ խնձորներն ու մանաւանդ կարմիր հաւկիթը. «Եթէ կարելի լինէր հոս ալ ենթադրել զատկական հաւկիթին խորհուրդը, դեռ բաղձալի պիտի մնար նռան ու խնձորին իսկական նշանակութիւնը»:
Միջին դարերուն հաստատուած էր «Ութօրեայ մուտն յաւազան», այսինքն ծնունդէն ութ օր ետք երեխան մկրտելու սովորութիւնը:
Իսկ բարեկենդանի զեխութիւնը կը գերազանցէր մնացեալ բոլոր խրախճանքները, ըստ Մանդակունիի՝ «Եւ խճողեն զպորտ  եւ զորովայնս», որմէ ետք կը սկսի Մեծ Պահքը: Բարեկենդանին նոյնիսկ վանքերու եւ մենաստաններու բնակիչները դուրս կու գային իրենց խիստ ժուժկալութենէն եւ որոշ չափի վայելք մը կը շնորհէին իրենք իրենց, ինչպէս կ’ըսէ Տաթեւացին՝ «Ներեն սակաւ ինչ ի չափաւոր վայելս»:
Բարեկենդանը հին հայոց մօտ տեւած է երկու շաբաթ՝ Առաջաւոր պահոց աւարտելէն մինչեւ Մեծ պահոց սկիզբը:
Ապա Հացունին կը թուէ պահոց տեսակները եւ անոնց ընթացքին արտօնուած եւ արգիլուած ուտեստները, թէեւ հայ իշխաններէն եւ զինուորականներէն ոմանք իրենք իրենց կ’արտօնէին պահքի ընթացքին ուտել ձուկ  եւ ձէթ, եւ խմել գինի, յոյներուն եւ ֆրանսացիներուն նման. ժողովուրդը կը հրաժարէր «ի կթեղէն կերակրոց եւ ի ձկանց», իսկ անսաստողները խստագոյն ապաշխարութեան կ’ենթարկուէին:
Կը տեսնենք թէ այս գիրքը, հակառակ իր խորագրին, շատ մեծ տեղեկութիւն կը պահէ իր մէջ մեր ժողովուրդի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին, դառնալով մէկը հազուագիւտ այն հեղինակութիւններէն, որոնք աւանդութեան ա՛յս երեսը կը լուսաւորեն եւ կը լուսաբանեն:
(Շար. 2 եւ վերջ)
Մարուշ Երամեան