Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2022-ի «41» թուակիր օրէնքը, որուն համաձայն 2010-ի ելեկտրականութեան վերաբերող «32» թուակիր օրէնքը պիտի բարեփոխուի՝ ելեկտրականութեան արտադրութիւնը զարգացնելու՝ աւանդական եւ վերանորոգուող կենսուժի օգտագործման միջոցներով։
Նոր օրէնքին համաձայն, ներդրողներուն պիտի թուլատրուի վերանորոգուող կենսուժի օգտագործումով ելեկտրածին կայաններ հիմնել եւ զանոնք վաճառել կամ արտահանել։
Այս առիթով Սուրիոյ Ելեկտրականութեան Բաշխման Հաստատութեան եւ սուրիական տարբեր նահանգներու ելեկտրականութեան ընկերութիւններուն արտօնութիւն պիտի տրուի ներդրողներուն հիմնած կայաններուն արտադրած ելեկտրականութիւնը գնելու՝ կողմերուն միջեւ համաձայնուած սակերով։
Օրէնքին մէջ յիշուած է նաեւ, որ ներդրողներուն պիտի թուլատրուի ելեկտրածին գործիքներու արտադրած ելեկտրականութենէն օգտուիլ, հետեւաբար ելեկտրականութեան բաշխման հաստատութիւնը կամ ելեկտրականութեան ընկերութիւնները, ներդրողին պահանջին համաձայն ելեկտրականութիւն պիտի մատակարարեն անոր։