Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Ալճիրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խորհրդատու Սալէհ Պուշա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, թէ Ալճերիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Սուրիոյ աւելցնելով. «Ալճերիա ամէն ճիգ կը թափէ Սուրիոյ արաբական գագաթնաժողովներուն մասնակցութիւնը հաստատելու համար, սակայն արաբական երկիրներուն միջեւ անհամաձայնութիւններ կան այս հարցին շուրջ եւ Սուրիա հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ նման հարցերու պարագային»։