ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան՝ մամուլի ազգային ակումբի «Հրատապ Թեմա» ծրագիրով տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ Ռուսիոյ կողմէ առաջարկուող խաղաղութեան պայմանագիրի կարելի տարբերակներուն: Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Վլատիմիր Փութինի ըսածը իրագործելու համար պէտք է Հայաստան-Ատրպէյճան որեւէ փաստաթուղթով ամրագրում ըլլայ, որ գոյութիւն ունի Արցախի հարց: Մենք ամիսներէ ի վեր կը լսենք այս իշխանութեան առաջին դէմքերէն, որ նման պայմանագրութեան մէջ Արցախի անունը պիտի չըլլայ: Այդ կեցուածքով քաղաքական ուժը կը փորձէ, սակայն, համահայկական որեւէ բան կազմակերպել եւ քսաներորդական օրակարգի հարց դարձնել Արցախի հարցը»:
Քննարկումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ԱՄՆ Քոնկրէսի 907-րդ բանաձեւին: Այս առիթով Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «907-րդ յօ-դուածին կամ յաւելուածին հարցը երկու գլխաւոր դերակատար ունի. մէկը՝ օրէնսդիրը, միւսը՝ գործադիրը: Օրէնսդիրը 11 Սեպտեմբերէն վերջ թոյլ տուաւ գործադիրի նախագահին շրջանցելու Ատրպէյճանին զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու արգելքը, բայց ամէն տարի օրէնսդիրին պէտք է զեկուցէ իր աշխատանքին մասին: Գործադիր իշխանութիւնը նոյն մօտեցումը ունի՝ շրջանցելու արգելքը:
Հիմա օրէնսդիրին մէջ որոշ շրջանակ կը ձեւաւորուի, որ դէմ է շրջանցելու իրաւունքը պահպանելուն: Բաւական բան կախեալ է յառաջիկայ ընտրութիւններէն, թէ իրականութեան մէջ ո՞ր քաղաքական ուժը պիտի կարենայ պահել մեծամասնութիւնը խորհրդարանի երկու պալատներուն մէջ: Անկէ կախեալ պիտի ըլլայ, թէ օրէնսդիրը որքանո՞վ պիտի կարենայ շրջանցելու իրաւունքը վերցնել եւ թոյլ չտալ, որ գործադիրը շրջանցէ: Բոլոր գործադիրներն ալ 2002-էն ի վեր կողմ չեն եղած, որ շրջանցելու իրաւունքը պահպանուի՝ ըսելով, որ ատիկա ճկունութիւն է Կասպից ծովէն եկող անվտանգութեան հարցերու հետ առնչուած»:
Կիրօ Մանոյեան աւելցուց նաեւ, որ ԱՄՆ-ի մէջ Հայ Դատը կը փորձէ բացատրել, որ այդ օժանդակութիւնը՝ Ատրպէյճանին տրամադրուելիք հարիւր միլիոնը, Հայաստանի եւ Արցախի դէմ պիտի օգտագործուի, եւ պէտք է դադրեցնել զինուորական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին: Կիրօ Մանոյեան նաեւ կարեւոր համարեց, որ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ մղել Արեւմուտքը, որ արձանագրէ Արցախի անլոյծ հարց գոյութիւն ունենալու փաստը: Մանոյեանի համաձայն, Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ նոր բանաձեւի նախագիծ շրջանառուած է, որ պիտի քննարկուի 15 Նոյեմբերին եւ ի պատասխան այն հարցումին, թէ ատիկա ի՞նչ պիտի տայ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին, Կիրօ Մանոյեան պատասխանեց. «Այսպիսի բանաձեւերը պարզ է, որ ունին քաղաքական արժէք, եթէ նոյնիսկ իրաւական արժէք  չունենան, որ պատասխանատուութեան ենթարկեն որեւէ մէկը: Անկախ թէ ի՛նչ կ’ըսուի բանաձեւին մէջ, կայ նաեւ քաղաքական աշխուժութիւն:
Եթէ ընդդիմութիւնը բանաձեւը ներկայացուց եւ որդեգրեց, իշխանութիւնը այս պարագային Ծերակոյտին մէջ պիտի ըսէ, որ ընդդիմութեան ըսածը պէտք չէ ընեմ: Ընդդիմութեան դէմ պիտի ըլլայ: Բայց հարցին արծարծուիլն ու այդ մասին խօսուիլը արդէն օգտակար է: Բանաձեւ մը ներկայացուած է նաեւ  խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ, ուր մեծամասնութիւնը նախագահի կուսակցութեան անդամներն են:
Շեշտադրումները նոյնը չեն, բայց տեղեկութիւններուս համաձայն, անիկա այդքան ալ խնդրայարոյց բանաձեւ մը չէ, բայց կարեւոր բանաձեւ է»:
Տաթեւ Յարութիւնեան