Հայ Դատի Յանձանախումբին կազմակերպած սեմինարի զեկուցաբերներ, գրող, Դամասկոսի Քաղաքական Գիտութիւններու համալսարանի դասախօս դոկտ. Աքիլ Մահֆուտ եւ լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեան, ընկերակցութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահուէճեանի, Շաբաթ, 5 Նոյեմբերին այցելեցին «Գանձասար»-ի խմբագրատուն եւ հանդիպում ունեցան խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի եւ «Գանձասար»-ի խմբագրակազմին հետ։

Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ մամուլին դերին ընդհանրապէս եւ լրատուամիջոցներու ներկայ մարտահրաւէրներուն մասին։
Դոկտ. Մահֆուտ կարեւոր համարեց սուրիական ընկերութեան բազմերանգ խճանկարը, սուրիահայութեան գործունէութիւնը, ինչ որ կ՚արտացոլայ նաեւ մամլոյ ճամբով։
Սարգիս Գասարճեան յիշեց, որ իր լրագրական ասպարէզ մուտքը եղած է «Գանձասար»-ի ճամբով։
Իր կարգին խմբագիրը ներկայացուց թերթին տպագիր եւ առցանց տարբերակները եւ գնահատեց սեմինարի ընթացքին անոնց ներկայացուցած զեկոյցները, նման հանդիպումները շահեկան համարելով։
Աւարտին «Գանձասար» անոնց հետ ունեցաւ առանձին հարցազրոյցներ, որոնք կը հրատարակենք յաջորդիւ։