Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2022-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի Բ. տարելիցին, Շուշիի մէջ նահատակուած հալէպահայ հերոսներ՝ Հրամանատար Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Արարողութեան հանդիսապետեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան:
Ս. եւ Անմահ Պատարագին Սրբազան Հօր կողքին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան, Բերիոյ Թեմի Ազգ. Վարչութեան անդամներ, ազգայիններ, հալէպահայ բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, հալէպահայ նահատակներու ընտանեկան պարագաներ եւ ժողովուրդի զաւակներ:

Արցախի 44-օրեայ պատերազմի Բ. տարելիցին առիթով, սրբազան հայրը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, վեր առնելով հայրենիքի համար նահատակութեան գաղափարը, որուն պայծառ օրինակը տուին հալէպահայ երեք հերոսները, իրենց կեանքը նուիրաբերելով այն հողին համար, որ դարեր շարունակ նահատակներու արիւնով սրբագործուած է:
Մակար Սրբազան երանի տուաւ այն ազգերուն եւ ծնողներուն, որոնք կը ծնին այսպիսի հերոսներ, որոնց օրինակով եւ Քրիստոսի հետեւելով մենք կը հրաւիրուինք այսօր հաւատքով մօտենալու Աստուծոյ խօսքին եւ չվախնալու առօրեայ դժուարութիւններէն եւ ապագայէն, այլ հաւատքով եւ սիրով լեցուն, պատասխանատուութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութեամբ թրծուած հասնինք խաղաղութեան նաւահանգիստ։

Մակար սրբազան աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, հայցեց, որ Ամենակալը իր անսահման սիրով եւ ողորմութեամբ լոյսի մէջ պահէ հոգիները Արցախի մէջ նահատակուած հալէպահայ նահատակներուն եւ մեր բոլոր նահատակներուն, որոնք անձնուիրաբար իրենց կեանքը ընծայաբերեցին եւ իրենց արիւնով սրբագործեցին մեր հայրենիքին հողը՝ մեզ հպարտութիւն առթելով:

Պատարագէն ետք, ներկաները ուղղուեցան դէպի Ազգ. Գերեզմանատուն, ուր երեք նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողին դիմաց Հայրապետական Նուիրակը «Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած՝ նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Ապա նահատակներու յուշակոթողին ծաղկեպսակներ զետուեցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, սուրիահայ երեք համայնքապետներուն, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան կողմէ։
Սրբազան հայրը, իր խօսքե ուղղելով ծնողներուն շեշտեց, որքան ցաւ զգանք անոնց կորուստին համար, նոյնքան հպարտութիւն կը զգանք հայրենիքի ազատագրման համար նահատակ զաւակներ նուիրաբերած ըլլալով, որովհետեւ անոնք ողջ պիտի մնան մեր մէջ առյաւէտ եւ հայրենիքի պաշտպանութեան պատգամը դրոշմեն յառաջիկայ սերունդներուն մէջ։
Ապա Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան եւ Երիտասարդական Միութեան անդամները «Վէրքելով Լի» երգով փակեցին այցելութիւնը, որմէ ետք ներկաները խունկ եւ մոմ վարեցին նահատակներու յուշակոթողին դիմաց։
Այնուհետեւ ուղղուեցան ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահ, ուր Երիտասարդութեան անունով Վիգէն Չաղլասեան յարգանքի ու մեծարանքի խօսքը ուղղեց նահատակներուն։
Ցուցադրուեցաւ Հալէպահայ նահատակներուն մասին տեսահոլովակ մը, որմէ ետք սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելով դիտել տուաւ, որ հալէպահայ երեք երիտասարդները իրենց կեանքը ծառայութեան եւ զոհողութեան գաղափարով արժեւորեցին եւ գնահատեցին: Անոնք որպէս պարզ երիտասարդներ գացին, սակայն որպէս ազգի մը սեփականութիւնը եղող փառաւոր հերոսներ վերադարձան: