Միասնութեան հանրահաւաքը ընդունեց յայտարարութիւն, որ ընթերցեց մտաւորական Գուրգէն Մելիքեան.

«Մենք կ’ողջունենք արցախահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն պայքարը շարունակելու հաւաքական կամքը:

Արցախը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ. այս գաղափարն է ՀՀ անկախութեան հռչակագիրի հիմքը, եւ մենք անիկա պիտի պաշտպանենք ամէն գնով։

Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը

– կը վտանգէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, ՀՀ անկախութեան հռչակագիրով ամրագրուած դրոյթներու կեանքի կոչումը,
-կը սպառնայ հայկական Արցախի գոյութեան, արցախահայերու անօտարելի իրաւունքներու իւրացման,
-մեր երկիրը կը ներքաշէ աշխարհաքաղաքական արկածախնդրութեան մէջ,
-կը փճացնէ մեր յարաբերութիւնները դաշնակից ու բարեկամ երկիրներու հետ,
-կը բերէ նոր պատերազմ, կորուստներ, յանձնողականութիւն։

Հայաստանը պէտք չէ յայտնուի Ռուսիա-Արեւմուտք բախումի կիզակէտը: Արտաքին կողմնորոշումներու քաղաքականութիւնը Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմքը դնելը խիստ վտանգաւոր է եւ անընդունելի։

Մենք կողմ ենք հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման, բայց առանց նախապայմաններու, ուժի կիրառումի կամ սպառնալիքի: «Զանգեզուրի միջանցք» պահանջելու թուրք-ատրպէյճանական պահանջը չունի որեւէ իրաւական հիմք։

Ատրպէյճանը պէտք է կատարէ իր պարտաւորութիւնները. վերադարձնէ հայ ռազմագերիները, պահուող այլ անձերը, դուրս բերէ իր զօրքերը ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն:

Թուրքիան պէտք չէ ՀՀ-ի հետ խօսի վերջնագիրներու լեզուով։

Մեր առաջնային հարցերը պէտք է ըլլան հանրային համերաշխութեան ապահովումը, բանակի վերականգնումը, Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան ապահովումը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումը:

Մենք անընդունելի եւ հակապետական կը համարենք «Արցախը յանձնենք, որ Հայաստանի մէջ խաղաղ ապրինք» օրուան իշխանութեան քաղաքականութիւնը։

Համաձայն ՀՀ Գերագոյն Խորհուրդի . 8 Յուլիս 1992_ի որոշման՝ Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի եւ միջազգային կամ ներպետական որեւէ փաստաթուղթ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նշուած պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ:

Մենք կ’արձանագրենք.

-ներկայիս հայ ժողովուրդի թիկունքէն կը բանակցուին մեզի համար սկզբունքային եւ ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող հարցեր,
-Հայաստանի օրուան իշխանութիւնը՝ ամբողջութեամբ դրժելով իր իսկ նախընտրական խոստումները եւ կառավարութեան ծրագիրը, այդ բանակցութիւններուվ կ’երթայ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, Արցախի գոյութիւնը հարցականի տակ դնող համաձայնութիւններու,
-այդ բանակցութիւնները կը հակասեն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, քանի որ կ’ընթանան Ատրպէյճանի կողմէ ուժի կիրառման և անոր սպառնալիքի պայմաններով:

Մենք կը յայտարարենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, ներպետական օրինական ընթացակարգերու եւ միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերու խախտումով Հայաստանի օրուան իշխանութիւններու գրաւոր թէ բանաւոր յայտարարութիւնները, խոստումները եւ համաձայնութիւնները չունին որեւէ իրաւական ուժ եւ անխուսափելի իշխանափոխութենէն անմիջապէս վերջ պիտի դիտուին առոչինչ։

Մեր համոզումով՝ Հայաստանը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է հանդէս գայ նոր բանակցողով:

Կոչ կ’ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, հայ ժողովուրդին՝ չհիասթափիլ ու հոռետես չըլլալ, պատրաստ ըլլալ պայքարելու՝ յանուն Հայաստանի, յանուն Արցախի, յանուն մեր երկրի անվտանգ և բարեկեցիկ ապագայի»:

5 նոյեմբեր 2022

Ֆրանսայի հրապարակ