125 պատանիներ, իրենց պատանեկան խոստման արարողութիւնը կատարեցին Կիրակի, 6 Նոյեմբերին: Անոնք ներկայացուցին հատուածներ իրենց դաստիարակչական ծրագիրէն՝ հանդիսատեսին հրամցնելով գեղարուեստական հարուստ յայտագիր մը:
Հանդիսութեան կազմակերպիչ մարմինը՝ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը, ընտրած էր «Սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ» խորագիրը, հաւատալով որ պայքարը պիտի առաջնորդէ զիրենք գալիք  յաղթանակներու:
Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով հանդէս եկող պատանիները ներկայացուցին հայրենիքի, զոհողութեան եւ հայրենասիրութեան նշանակութիւնը հայ պատանիին համար: Այնուհետեւ խումբ մը պատանիներ զանազան երաժըշտական գործիքներով ներկայացուցին «Կամաւորի երգը» եւ «Զարթի՛ր Լաօ» ստեղծագործութիւնները, որմէ ետք հերթաբար ներկայացուցին Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան Ճանապարհին» գիրքէն «Պատիւը» դրուագը, «Բերդ» պար, «Ելի՛ր ի Զէն» խմբերգ, պատմական ակնարկ՝ Արցախեան գոյամարտի մասին, ասմունք՝ համադրում մը Սիամանթոյի «Յաղթանակ մը», Դանիէլ Վարուժանի «Վիրաւորը» եւ Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն» կտորներէն, բուրգ, երգչախումբ յաջորդաբար ներկայացնելով «Ելէ՛ք Հայեր Պայքարի», «Վերցրուք, Տղե՛րք Զհրացան» եւ «Յարութ Բանոյեանի Յիշատակին» երգերը:
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ Դաշնակցական Պատանիի խոստման արարողութիւնը: Պատանիներու խոստման արարողութեան կնքահայրն էր ԱՔԵ Ճեմարանի նախկին տնօրէն Վահէ Ղազարեան։ Ան ներկայացուց Պատանեկան Միութեան հիմնադրութեան նպատակը, դիտել տալով որ միութիւնը իր ընկերային դաստիարակչական ծրագիրով կը միտի հայ պատանիներուն հաղորդակից դարձնել հայոց պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակութային արժէքներուն, հայ Յեղափոխութեան պատմութեան ու ազգային արժէքներուն։ Դաստիարակչական ծրագրին մաս կը կազմեն նաեւ զրոյցներ, քննարկումներ եւ կազմակերպչական աշխատանքներ, որպէսզի հայ պատանին արտայայտուելու, մտածելակերպը զարգացնելու առիթ ունենայ, իսկ հաւաքական աշխատանքով ան կը սորվի ընկերասիրութիւն, մարդկային յատկանիշները կը զարգացնէ։
Ապա իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն ան յորդորեց կարեւորութեամբ ըմբռնել միութեան երկու կարեւոր հիմերը՝ կանոնագիրն ու ազգային կեանքին մէջ գործունեայ դեր ունենալու հեռանկարը։
Կանոնագիրը,- շեշտեց Ղազարեան,- կը սորվեցնէ կարգապահութիւն, կարգ ու կանոն, որ յատուկ է յառաջդիմած ազգերու, իսկ պատանեկան միութեան մէջ պատրաստուող հայ պատանին այդ գիտելիքները միայն իրեն պիտի չվերապահէ, այլ զանոնք հարկ է ծառայեցնել մեր ազգային, հաւաքական կեանքին, աշխատիլ համայնքի տարբեր մարզերուն մէջ ու ներդրում բերել համայնքի բարելաւման, ինչպէս նաեւ ծառայել հայրենիքին՝ իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, իր գիտելիքներով ու կարողութիւններով։
Ապա ան արտասանեց խոստումը, իսկ պատանիները կրկնեցին զայն, խոստանալով ըլլալ դաշնակցական, տիպար պատանիներ ու ծառայել ազգին ու հայրենիքին։
Աւարտին խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական նուիրակ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս.  Աշգարեան։
Ան յիշելով իր պատանեկան օրերը յայտնեց, որ ինք եւս այս խոստումը տուած է օրին, իսկ այդ խոստումը մինչեւ այսօր կ’արձագանգէ իր սրտին եւ հոգիին մէջ։  Սրբազան հայրը շնորհաւորեց պատանիներն ու անոնց ծնողները եւ գնահատեց պատանիներուն ճիգերով պատրաստուած օրուան յայտագիրը։ Ան շեշտեց, որ այսօրուան ձեր խոստումին հիմնական արժէքը հաւատարմութիւնն է հանդէպ ազգին, հայրենիքին ու բոլոր այն արժէքներուն, որոնք տարիներու ընթացքին ձեր պատասխանատուները ձեր մէջ սերմանեցին։
«Այսօր պատահական չէր ձեր ուխտին եւ հալէպահայ երեք նահատակներու հոգեհանգիստին Բ. տարելիցին զուգադիպումը։ Անոնք ալ խոստում տուած էին ծառայելու։ Կը մաղթեմ որ ծառայութեան ձեր գիտակցութիւնը աստիճանաբար ձեր մէջ բոցավառի որպէս կրակ ու հոգեւոր, ազգային արժէքներու, քրիստոնէական հաւատքի պահպանման փոթորիկի վերածուի»։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Թղթակից