5 Նոյեմբերին Հալէպի ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան 10-րդ զօրախմբի ականազերծներու կողմէն ականազերծուած է Հալէպ Նահանգի Խանասեր շրջանի ալ-Պուրճա բնակավայրի 105 հազար քառակուսի մեթր գիւղատնտեսական նշանակութեան հողատարածքներ, ինչ որ հաւաստագիրով փոխանցուած է Հալէպի նահանգային իշխանութիւններուն:

Այսպիսով, 5 Նոյեմբերին, Սուրիոյ Հալէպ նահանգի գործադիր գրասենեակի ղեկավար դոկտոր Ապտուլ Քատեր Տաւալապիին յանձնուեցաւ Ալ Պուրճա բնակավայրի գիւղատնտեսական նշանակութեան ականազերծուած տարածքներու մասին փաստող հաւաստագիրը:
Նախաձեռնութեան իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Բաբգէն Պատալեան, Սուրիոյ Ժողովրդական Ժողովի անդամ, պարոն Ժիրայր Ռէիսեան, Հալէպի Ռուսիոյ Զինեալ Ուժերու զօրամիաւորման ղեկավարութիւնը ի դէմս Հակամարտող Կողմերու Հաշտեցման Կեդրոնին, Միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններ, նահանգային եւ քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներ: