Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ, աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն CNN Turk-ի կայանէն խօսած է հայ-թրքական, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն մասին:
Խօսելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մասին՝ Քալըն նշած է, որ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սառեցնելու եւ սահմանը փակելու հիմնական պատճառը եղած է «Ղարաբաղի բռնագրաւումը»: Իսկ հիմա, երբ «բռնագրաւումը վերջ գտած է», արդէն վերացած է իրենց գոյացուցած այդ որոշումին պատճառը:
Այնուհետեւ ի պատասխան լրագրողի հարցումներուն, թէ գործընթացը այդուհանդերձ պիտի ընթանայ Ատրպէյճանի հետ զուգահե՞ռ եւ ի՞նչ է վերջին իրավիճակը այդ ուղղութեամբ, Իպրահիմ Քալըն յայտնած է, որ 2 գործընթացներն ալ այժմ աւելի դրական, աւելի յուսադրող հունով առաջ կ’երթան:
Ան մասնաւորապէս յիշեցուցած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ յատուկ ներկայացուցիչներու համաձայնութեան գալը 3-րդ երկրի քաղաքացիներու համար սահմաններու բացման եւ օդային բեռնափոխադրումներու, օդային երթեւեկութեան բացման գծով:
Վերջինս յատկապէս շեշտած է, որ Հայաստան 2,5-3 մլն. բնակչութեամբ դէպի ծով ելք չունեցող ցամաքային պետութիւն է, որուն ամենակարեւոր ելքը Թուրքիան է: Ուստի, ըստ անոր, յարաբերութիւններու կարգաւորումը լաւ կ’ըլլայ թէ Հայաստանի ժողովուրդին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի հայերուն եւ թէ հայկական Սփիւռքին համար:
«Ցաւօք, հաւանաբար ասիկա ամենաուշը Ամերիկայի ու Ֆրանսայի հայկական համայնքները հասկնան, քանի որ գիտէք՝ աշխարհի  մէջ 2 մեծ հայկական Սփիւռք կայ, մէկը՝ Ֆրանսայի, միւսը՝ ԱՄՆ-ի մէջ: Յոյս ունիմ որ անոնք ալ կը հասկնան, որ կարգաւորումը շահեկան կ’ըլլայ նաեւ առեւտուրի տեսանկիւնէն. Ատրպէյճանի հետ առեւտուր կ’ըլլայ, մեզի հետ առեւտուր կ’ըլլայ, մարդիկ կ’երթան-կու գան, Հայաստանի ժողովուրդն ալ շունչ կը քաշէ: Սա ներդրում կ’ըլլայ ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան համար»,- նշած է թուրք պաշտօնեան եւ յոյս յայտնած, որ յառաջիկայ օրերուն աւելի լաւ եւ աւելի դրական քայլեր կը կատարուին: