Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները ժամանեցին Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, ուր ընթացք առին Կեդր. Վարչութեան լիագումար նիստերը, որոնք պիտի երկարին երեք օրերու վրայ:

Ժողովը համապարփակ կերպով պիտի քննէ Համազգայինի աշխարհատարած կազմակերպութեան կրթական հաստատութիւններու, հրատարակչական մարզի, կազմակերպական շրջաններու, Բագինի, Ուսանողական հաւաքի եւ ընդհանրապէս հայրենիք-սփիւռք երկկողմանի մշակութային եւ կրթական կապերուն իրավիճակը, իրագործումները եւ զանոնք արժեւորելէ ետք պիտի անդրադառնայ յառաջիկայ ծրագիրներուն: