Սոյն թուականի 14 Նոյեմբերի առաւօտեան Պէյրութի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու խորհրդաժողովին: ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնած խորհրդաժողովին, Բիւրոյին կողքին, կը մասնակցէին ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու` Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական վարչութիւնները, ինչպէս եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Միութեան գրասենեակի ներկայացուցիչը:
ՀՅԴ Բիւրոյի բացման խօսքէն ետք, վարչութիւններու ատենապետները հակիրճ ներկայացուցին իրենց միութիւններու աշխարհատարած մասնաճիւղերուն ծաւալած ազգանպաստ, ընդարձակ եւ բազմոլորտ գործունէութիւնը:
Այնուհետեւ խորհրդաժողովը անցաւ ներկայացուած օրակարգի քննարկման: Օրուան ընթացքին ժողովը կը քննարկէ երիտասարդութեան, միութիւններու միջեւ համագործակցութեան, գործելաձեւի նոր ձեւերու որդեգրման, քարոզչութեան հետ կապուած եւ այլ հարցեր:
Աւարտին խորհրդաժողովը կը հաստատէ տեղի ունեցած քննարկումներու հիման վրայ կազմուած բանաձեւերը, ինչպէս նաեւ հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ:

ՀՅԴ Ուղեկից Միութիւններու Խորհրդաժողովի Լրատուական Յանձնախումբ
14 Նոյեմբեր 2022