Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Արամ Մանուկեան ժողովրդային Տան բարեկարգուած եւ վերանորոգուած «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ համազգայնականներու մտերմիկ երեկոն, որուն գլխաւոր նպատակն էր համախմբել համազգայնական երէց եւ կրտսեր անդամները, մօտէն ծանօթանալ եւ հաճելի ժամանակ անցընել։ Ներկայ էին աւելի քան 150 համազգայնականներ։
«Համազգայինը մշակութային եւ կրթական հսկայ մարմին մըն է, որուն կառոյցէն ներս սփիւռքահայ սերունդները կ’առնչուին հայ մշակոյթին»։ Այս խօսքերով հանդէս եկաւ  վարչութեան անդամ Սեւան Տէիրմէնճեան շեշտելով Համազգայինի կարեւոր դերը Սփիւռքի  չորս ծագերուն: Ան դիտել տուաւ, որ Համազգայինը հաւատարիմ մնալով իր նշանաբանին, գիտակցելով իր առաքելութեան, ճիգ չի խնայեր հայ մշակոյթը պահպանելու եւ այդ իսկ ճամբով սերունդները հայ պահելու։
Ապա վարչութեան ատենապետ Գէորգ Աղպապեան իր սրտի խօսքը ուղղեց, յայտնելով որ համազգայնականները կառչած են միութեան սկզբունքներուն եւ պիտի շարունակեն իրենց երթը՝ մշակոյթի ճամբով սատարելու հայապահպանութեան:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ մասնաճիւղին Էսդրատային նուագախումբին եւ խումբ մը արուեստագէտներու կատարումներով, գեղ. ղեկավարութեամբ բժշկ. Ռաֆֆի Ապէճեանի։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վաստակաշատ համազգայնական Պարգեւ Աւագեան եւ ներկայացուց համազգայինի գաղափարախօսութիւնը: Ան վեր առնելով Համազգայինի հիմնադիրներուն դերը ըսաւ. «Կեանքի մէջ դէպքերն ու երեւոյթները իմաստ կը ստանան այն անձերուն ընդմէջէն, որոնք ունին տեսլական ապագայի հանդէպ։ Այդպէս էին համազգայինի գաղափարը յղացողներն ու իրագործողները, որոնք խախտեցին կեանքի օրէնքները եւ համոզումով յաղթահարեցին դժուարութիւնները»։
Խօսք առաւ նաեւ վաստակաշատ համազգայնական, Շրջ. Վարչութեան երկար տարիներու ատենապետ Հռիփ Կանանեան: Ան ներկայացուց Համազգայինի 100-ամեայ հոլովոյթը, մէջբերելով արխիւային նամակներ եւ տուեալներ, ապա ամփոփ ձեւով բացատրեց համազգայինի հիմնադրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական օրով մը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 10-րդ տարեդարձին առիթով եւ միութիւնը անուանակոչուեցաւ Հայ Կրթական եւ Հասարակական Համազգային Ընկերութիւն, որուն նպատակն էր աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդին կրթական մակարդակը բարձրացնել՝ հայ լեզուով եւ հայ ոգիով։ Կանանեան ներկայացուց Սուրիոյ մէջ համազգայինի հիմնադրութեան պատմութիւնը եւ անոր զարգացման փուլերը։
«Ռատիօ Երազ»-ի միջոցով առցանց կապ  հաստատուեցաւ ԱՄՆ բնակող  վաստակաւոր համազգայնական Վահէ Ժամագործեանի հետ, որ իր զգացումներն ու յուշերը կիսեց եւ շնորհաւորեց Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Համազգայինի պատմութեան մէջ Սուրիոյ կառոյցը որոշիչ դեր ունեցած է։ Ապա նշեց, որ իր մաղթանքն է արժեւորել Սուրիոյ Համազգայինի բազմաբնոյթ գործունէութիւնը, որ դժուար թէ այս տարողութեամբ տեսանելի ըլլայ այլ գաղութներու մէջ եւ առաջարկեց, որ  Համազգայինը իր ուժը կեդրոնացնէ տարբեր մարզերու զարգացման վրայ։
Աւարտին, վարչութիւնը խորհրդանշական յուշանուէրներով պարգեւատրեց օրուան զեկուցաբերները՝ Պարգեւ Աւագեանն ու  Հռիփ Կանանեանը: Ապա ներկաները խմբային նկարով մը անմահացուցին պահը եւ վարչութեան կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւնը վայելելով զրուցեցին Համազգայինը յուզող հարցերու շուրջ։
Թամար Գազանճեան