Կիրակի 13, Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակներ` Յարութ Բանոյեանի , Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի Բ. տարելիցին առիթով։
Արարողութեան ներկայ էին՝ ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ գաղափարակից ընկերներ։ Աւարտին, ներկաները բարձրացան «Արարատ» սրահ, ուր խօսք առաւ ընկեր Յարութ Գաբրիէլեան: «Երախտագիտութեամբ եւ հպարտութեամբ կը խոնարհինք Շուշիի մէջ նահատակուած սուրիահայ երեք ընկերներու յիշատակին առջեւ: Անուններ, որոնք մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան էջերուն վրայ մարմին պիտի առնեն: Այսօր պէտք է ոչինչ խնայել Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան եւ մեր ազգային միասնականութեան ի խնդիր: Մենք պէտք է ըլլանք պահանջատէր, գիտակցելով որ հարկ է պայքարիլ մինչեւ մեր արդար իրաւունքներու ձեռքբերում: Փառք ու պատիւ մեր հերոսներուն, որոնք պայքարի ճամբան շարունակեցին: Յաւերժ փառք ձեզի, անմա՛հ հերոսներ», ըսաւ ան:
ՍԵՄ-ի վարչութիւնը ցուցադրեց տեսերիզ մը Արցախի պատերազմին եւ սուրիահայ հերոսներու մասին: Ապա քահանայ հայրը իր պատգամը ուղղելով ըսաւ. «Ժառանգէ աւելին արքայութիւնն է։ Այսօր մենք յուզումով նշեցինք մեր անմահ հերոսներու յիշատակը: Այն հերոսներուն որոնք իրենց ետեւ ձգելով աշխարհիկ կեանքը հետեւեցան տիրոջ խօսքին: Տիրոջ հետեւելով սրբութեան կը հետեւին, նահատակութեան կը հետեւին: Անոնք նահատակուեցան որ մենք ապրինք, մեր եկեղեցին ապրի, մեր մշակոյթը ապրի եւ մեր նահատակները յաւերժանան այնտեղ հանգիստ: Մենք կորսնցուցինք հողատարածքներ, բայց վաղ թէ ուշ պիտի վերադառնան անոնք եւ այդ ժամանակ մեր հերոսները յարութիւն պիտի առնեն: Մեր պարտականութիւնն է յիշել եւ վառ պահել անոնց անմահ յիշատակը: Բիւր յարգանք, խունկ եւ մոմ իրենց յիշատակին»:
Ներկաները «Տէրունական» միասնական աղօթքէն ետք ցաւակցութիւններ յայտնեցին ազգային մարմիններուն:

Նայիրի Կարապետեան