ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Իմարաթի Շարիքա նահանգին մէջ ուսումնամարզական հաւաքի ընթացքին, Սուրիոյ Ֆութպոլի հաւաքականը բարեկամական հանդիպում մը ունեցաւ Ալճերիոյ հաւաքականին հետ: Մրցումը աւարտեցաւ 1 – 0 արդիւնքով՝ ի նպաստ Ալճերիոյ կազմին:
– Սուրիոյ պասքեթի դաշնութիւնը Կիրակի օր վերակազմեց իրեն ենթակայ բոլոր յանձնախումբերը եւ հրապարակեց անոնց անունները պաշտօնական իր կայքէջին վրայ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ՄԱՐԻԱՄ ՄԿՐՏՉԵԱՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Հայաստանցի ճատրակ խաղացող Մարիամ Մկրտչեան մինչեւ 18 տարեկան աղջիկներու մրցաշարքի 8-րդ փուլին սեւերով յաղթեց իրլանտացի Տրիշա Կանյամարալային եւ ապահովեց 7,5 կէտ: Մարիամ 1,5 կէտերու տարբերութեամբ առաջ անցաւ իր մրցակիցներէն եւ մէկ փուլ անցնելով հասաւ առաջին դիրքին ու նուաճեց ոսկի մետալը: Յիշեցնենք, որ ան նաեւ մինչեւ 18 տարեկաններու աշխարհի գործող ախոյեանն է:
ԴԱՒԻԹ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ՍԱՄՊՈՅԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ 
Խրխզիստանի մայրաքաղաք Պիշքէկի մէջ սամպոյի աշխարհի առաջնութեան մրցումներուն Հայաստան նուաճեց արծաթէ մետալ: 88 քկ.-ի ծանրորդ Դաւիթ Գրիգորեան յաջորդաբար յաղթելով ֆրանսացի, վրացի՝ ազերի մրցակիցներուն հասաւ եզրափակիչ, ուր ոսկէ մետալի համար պայքարին զիջեցաւ ռուս ներկայացուցիչ Սերկէյ Ռիաբովին։ 71 քկ.-ի ծանրորդ Կառլէն Մահինեան առաջին գօտեմարտին պարտութեան մատնուելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Աւելցնենք, որ Հայաստանի հաւաքականը սոյն մրցաշարքին մասնակցութիւն բերաւ 8 մարզիկով:
ՄԱՔՍԻՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ՝ ՍԱՄՊՈՅԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ 
Խրխզիստանի մայրաքաղաք Պիշքէկի մէջ տեղի ունեցած սամպոյի աշխարհի առաջնութեան առնչութեամբ, Հայաստանի սամպոյի դաշնութեան մամուլի ծառայութիւնը յայտարարեց որ 64 քկ.-ի ծանրորդ Մաքսիմ Մանուկեան յաջողած է նուաճել յաղթանակի մետալ: Ան նախ պարտութեան մատնած է պուլկարացի Ստոյանովը, ապա ղազախ Իմախանովը եւ արժանացած պրոնզէ մետալի: Մաքսիմ Մանուկեան պրոնզէ մետալ նուաճած էր նաեւ Եւրոպայի այս տարուան առաջնութեան մրցումներուն:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան