ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու եւ Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու միատեղ նիստին յայտարարած է, որ
ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան խորհուրդը Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելու որոշումի նախագիծը ընդհանուր առմամբ համաձայնութեան հասած է:
«Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ դրական դեր կը խաղայ Հայաստանին եւ միւս մասնակիցներուն ջանքերը խաղաղ համաձայնութիւններու, սահմաններու իրաւական ձեւակերպման եւ երթեւակային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումին համար։ Մինչդեռ լարուածութիւնը կը պահպանուի հայ-ատրպէյճանական սահմանին», ըսած է Զաս։

Անոր խօսքին համաձայն, ՀԱՊԿ ճգնաժամային արձագանգումի կեդրոնին միջոցով ստացուող տեղեկատուութիւնը կը հաստատէ, որ գրեթէ ամէն օր փոխհրաձգութիւններ տեղի կ’ունենան հայ-ատրպէյճանական սահմանին: