Երեւանի մէջ 23 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ ՀԱՊԿ խորհուրդի նիստը: Մինչ այդ տեղի ունեցած է ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց, պաշտպանութեան նախարարներու, անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու միատեղ նիստը:

Սոյն նիստին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած են Ռուսիոյ նախագահ Փութին, Ղազախիստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքաեւ, Ղրղզիստանի նախագահ Սատիր Ժապարով, Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշէնքոն, Տաճկաստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն։

Երեւան ժամանած նախագահները օդակայանին մէջ դիմաւորած է ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան: