«Արմէնփրէս»._ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին նախագահութեամբ նախագահութեամբ Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրութեան Կազմակերպութեան (այսուհետեւ՝ ՀԱՊԿ) Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստը։

Նիստին կը մասնակցէին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքոն, Ղազախիստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Տոքաեւ, Ղրղզիստանի նախագահ Սատիր Ժափարով եւ Տաճկաստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն։
Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի անդամները պիտի քննարկեն միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան արդի հարցեր եւ ՀԱՊԿ գործունէութեան հիմնական արդիւնքները միջնստաշրջանային շրջանին:

Ամենակարևոր հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ ՀԱՊԿ ճգնաժամային արձագանգումի համակարգի կատարելագործումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութեան տրամադրման միատեղ նախաձեռնութիւններու քննարկումը։

ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին նախատեսուած է ընդունիլ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հռչակագիրը։

Խորհուրդի նիստի ընթացքին պիտի ստորագրուին շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կ’առնչուին խաղաղապահ ուժերու ժամանակակից սպառազինութեամբ, զինուորական եւ յատուկ ճարտարարուեստով զինելուն, ճառագայթային, քիմիական եւ կենսաբանական միատեղ պաշտպանութեան ձեւաւորումին։