Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2022-ին, Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, գումարուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 172-րդ նիստը, օրակարգ ունենալով թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը։ Ընդառաջելով Ժողովի փափաքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միաբան հայրերէ բաղկացած եռանուն ցանկ մը ուղարկեց։ Ժողովը Հայրապետական պաշտօնագիրը ընթերցելէ ետք, փակ քուէարկութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Գերաշնորհ Տէր Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեանը միաձայնութեամբ ընտրեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ։

Արդարեւ, Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը պաշտօնական նամակով մը Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց ընտրութեան արդիւնքներուն մասին՝ հայցելով ընտրութեան վաւերացումը։ Այս առիթով, Նորին Ս. Օծութիւնը Հայրապետական 3 Դեկտեմբեր 2022 թուակիր պաշտօնագրով իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց ժողովական անդամներուն եւ վաւերացուց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական ընտրութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Բերիոյ թեմը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրագործելի բոլոր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն համար։