Իրանի բանակի ցամաքային զօրքերու հրամանատար, զօրավար Քումարս Հեյտարին յայտարարած է, որ Իրանի բանակի ցամաքային զօրքերու ռազմավարական եւ մարտավարական յաջողութիւններուն հետեւանքով երկրի բոլոր սահմաններուն մէջ հաստատուած է կայուն անվտանգութիւն։
Հեյտարին դիտել տուած է նաեւ, որ Իրանի բանակը կառուցային փոփոխութիւններու շնորհիւ ինքնաբաւ դարձած է զէնքի, անօդաչու թռչող սարքերու եւ հակահրասայլային համակարգերու արտադրութեան ոլորտին մէջ։

Զօրավարի խօսքին համաձայն, իրանական բանակի ցամաքային ուժերը տեղակայուած են երկրի արեւմտեան եւ հիւսիսարեւմտեան սահմաններուն, ինչպէս նաեւ հարաւային, արեւելեան եւ հարաւարեւելեան սահմաններուն։

Ան վկայակոչած է նաեւ Իսլամական Յեղափոխութեան առաջնորդին հրահանգները՝ յայտնելով, որ անվտանգութիւնը իւրաքանչիւր երկրի հիմնական բաղադրիչներէն մէկն է։

«Բանակի ուժերը մշտապէս կը ձգտին կայուն անվտնագութիւն հաստատել՝ կատարելագործելով իրենց պաշտպանունակութիւնը», աւելցուցած է ան։