Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ, 7-9 Դեկտեմբեր 2022-ին, կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, որ Կաթողիկոսութեանս բարձրագոյն Ժողովն է եւ կը գումարուի չորս տարին անգամ մը։

Երեք օրերու վրայ տարածուած ժողովական աշխատանքներէն ետք, 9 եւ10 Դեկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը հերթական առանձին հանդիպումներ ունեցաւ թեմերուն հետ՝ ներկայութեամբ թեմակալ առաջնորդին եւ պատգամաւորներուն։ Այս հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան թեմերուն առնչուող աշխատանքային ծրագիրներ։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի կողքին, թեմի հետեւեալ պատգամաւորները մասնակցեցան Ազգ. Ընդհ. ժողովին եւ հանրիպումին.
Վրէժ Եագուպեան
Մեթր Սունպուլ Սունպուլեան
Յարութիւն Հայրապետեան
Դոկտ. Հուրի Ազէզեան
Աւօ Կարպուշեան
Նշան Լնդեան
Խաչիկ Մելքոնեան
Հայկազ Ասատուրեան
Ժիրայր Րէիսեան
Յովսէփ Գասապեան։