Ռիչըրտ Թընկըրեան.
Եթէ մականունը այսքան իւրայատուկ չըլլար, հաւանաբար միտքէս չանցընէի իսկ, որ այս Ռիչըրտը իմ տարիներու դասընկերս Տիգրանն է: Բայց Թընկըրեան մականունով մէկ ընտանիք կար Հալէպի մէջ, այն ալ Տիգրանին ընտանիքն էր՝ մայրը, հայրը եւ երկու եղբայրները:
Թընկըրեանները եկած են Արեւմտահայաստանէն՝ Պոլսէն. իրենց մասին գրուած գիրքի մը մէջ կ’ըսուի, թէ անոնց տոհմը կը սկսի 1700-ականներէն եւ կը հաշուէ արուեստագէտներ, դիւանագէտներ, թարգմաններ եւ կրօնաւորներ:
Արուեստագէտներու ընտանիք էին. հայրը՝ Անդրանիկը քանդակագործ էր, իսկ մայրը՝ Շանէլի ձեւաւորող: Տիգրանն ալ, մեծ եղբայրը՝ Յարութն ալ կը գծէին, կը նկարէին եւ գրեթէ միշտ ներկայ էին Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի պարբերաթերթին՝ «Ծիլեր»ուն մէջ, որուն խմբագրական խորհուրդին մաս կը կազմէր Տիգրանը:
Ինչպէս յաճախ կը պատահի, երկրորդականը աւարտելէ ետք Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանին տաքուկ յարկին տակ, մեզմէ իւրաքանչիւրը գնաց իր ուսումին, գնաց իր կեանքը փնտռելու: Եւ ինչպէս յաճախ՝ բոլորս կորսնցուցինք զիրար կեանքի թոհուբոհին մէջ:
Կեանքը սակայն երբեմն, ըստ իր քմահաճոյքին, կարծես ուզելով մեր պատանութիւնը յիշեցնել մեզի եւ ժպիտ տալ գորշ օրերու մէջ, մեզ իրարու դէմ կը հանէ: Այդպէս էր որ տասնամեակներ ետք հանդիպեցայ մտերիմ ընկերուհիիս Լիային, սիրելի Անի Բարսեղեանին, մինչ ուրիշներու, ինչպէս Ֆիմիին, Մարալին կամ Սեդային դպրոցէն ետք տակաւին չեմ հանդիպած: Չեմ տխրիր, որովհետեւ վստահ եմ, որ օր մը կրկին պիտի հանդիպինք:
Այդպէս էր նաեւ որ օր մը, շատ անակնկալ ձեւով հանդիպեցայ Տիգրանին … ձայնով:
-LinkedIn-ը բերաւ անունդ եւ թիւդ,- զանգեց Տիգրանը, որուն ձայնը բնաւ չէր փոխուած դպրոցի օրերէն:
Իմ գիտցած Տիգրանս էր՝ համեստ, մեղմախօս, համբերատար: Պարզապէս ձայնին մէջ տխրութիւն մը կար, որ նախապէս հոն չէր: «Արդեօք ինչերէ անցած է» մտածեցի եւ տխրեցայ իրեն համար.  բոլորս ալ շա՜տ բաներէ անցանք մեր շրջանաւարտութենէն մինչեւ այսօր:
Անկէ ետք յաճախ կը խօսէինք. ներկայ համացանցային դիւրութիւնները հաճելի կը դարձնեն կապուիլը հեռաւոր բարեկամներու հետ: Այդ զրոյցներուն ընթացքին պատմեց իր աշխատանքին մասին, որ այսօր իր կեանքին գլխաւոր հաճոյքը, զբաղումն ու հպարտութիւնը կը կազմէ:
Եւ ինչպէ՞ս հպարտ չըլլայ, երբ Հալէպէն ելած երիտասարդ որպէս, այսօր կը կենայ իր ասպարէզին լաւագոյն, մէկ ձեռքի մատներուն վրայ հաշուուող քանի մը մասնագէտներու շարքին:
Մասնագիտութեամբ թէեւ ճարտարապետ, բայց ասպարէզով մանրակերտեր շինելու վարպետներէն մէկն է Տիգրանը, որ պատուէրներ կը ստանայ աշխարհի չորս անկիւններէն եւ որուն անունն ու գործը, իր Tenguerian դժուար մականունով երեւցած են New York Times-ի (The Master Model Maker, by Julie Satow for NYT) եւ  Architectural Digest-ի նման բարձրամակարդակ, մասնագիտական եւ աշխարհատարած հանդէսներու մէջ, կամ ամերիկեան «60 min.» հեռատեսիլի յայտագրով:
Իրն են օրինակ Նիւ Եորք քաղաքի Empire State Building-ին, Եանքի սթատիումին, Նիւ Եորքի շատ ինքնուրոյն շէնքերուն եւ Պէն Լատէնի մենատան մանրակերտերը: Ասոնք շատ փոքր օրինակներն են այն բոլոր գործերուն, որոնք աստիճան առ աստիճան զինք բարձրացուցած են, հասցնելով այսօրուան պատուանդանին:
Այս աշխատանքներէն իւրաքանչիւրը իր վրայ կը կրէ Տիգրանին հմուտ մատներուն եւ բծախնդիր խառնուածքին հետքերը, որոնք տարբեր կը դարձնեն եւ ամբողջովին այլ որակ կու տան այդ աշխատանքներուն, եւ կը ստիպեն մարդոց, որ իրեն դիմեն, երբ կատարեալ մանրակերտ մը ունենալու ձգտին:
«Բայց գիտե՞ս,- կ’ըսէ,- օրերով եւ տարիներով Շաբաթ-Կիրակի չեմ ունեցած, արձակուրդի չեմ գացած. միայն աշխատեր եմ, եւ աշխատեր եմ ինքնամոռաց նուիրումով»:
Եթէ այդպէս չըլլար, ինք այլ մասնագէտներէ տարբեր պիտի չըլլար:
Արուեստագէտի իր նուրբ հոգին նաեւ  ուշադիր է դիմացինին հանդէպ եւ ներազգացողութեամբ կրնայ հասկնալ զայն, թափանցել անոր հոգիին խորը: Յետոյ տալ աւելին, քան իրմէ պահանջուածը:
Կը յիշեմ, որ պատանութեան տարիներուս տարօրէն հմայուած էի դասական պալէով եւ ձեւ մը կը փնտռէի այդ հմայքս յագեցնելու: Սովետական գրադարանը (Քուաթլի փողոց, Հալէպ) ի՛նչ թերթ ու հանդէս որ գար, կը գնէի, հոն գտնուած պալէի լուրերը կարդալու եւ լուսանկարները վայելելու համար: Կը գնէի նաեւ ռուսական պալէի մեծ անուններուն նուիրուած գիրքերը, ինչպէս Կալինա Ուլանովայի կամ Մայա Փլիսէցսքայայի մասին գրուած հատորները, որոնք նաեւ նկարներով հարուստ էին:
Այդ շրջանին էր, որ Տիգրանը կարծեմ Մայա Փլիսէցսքայայի «Կարապը»-էն հատուած մը նկարեր էր եւ նուիրեց ինծի: Ընդուներ էի մեծ հաճոյքով եւ ննջարանիս պատէն կախեր զայն:
Տարիներ ետք մտածեցի՝ բայց ինչպէ՞ս գիտցաւ որ այնքան շատ կը սիրէի պալէն: Այդ օրերուն երկուքս ալ այնքան սակաւախօս էինք տակաւին: Երբ հարցուցի, պարզօրէն ըսաւ.
– Չեմ գիտեր, զգացեր էի …
Հալէպի պատերազմէն շա՜տ առաջ Տիգրանը Նիւ Եորք գացեր էր:
Պատերազմի տարիներուն այնքա՜ն մարդ գաղթեց, որ Հալէպի գաղութը գրեթէ պարպուեցաւ: Ոչ միայն գաղութը պարպուեցաւ, այլ նաեւ գաղթողները տկարացուցին համախմբումով գոյացած մեր զօրութիւնը, իսկ ուր որ գացին, համախմբում չկար, եւ մնացին ձուլումի ճիրաններուն մէջ բռնուած:
Այդ երեւոյթին դրական ու գեղեցիկ կողմն ալ կայ. կը մտածեմ՝ երբեմն շատ լաւ է գաղթելը, ինչպէս օրինակ Նանոր Սերայտարեանին պարագային (դուստրը Յովիկ եւ Յասմիկ Սերայտարեաններուն), որ ԱՄՆ գաղթելէ ետք ջութակի մէջ շատ մեծ յառաջդիմութիւն ցուցաբերեց եւ կարեւոր յաջողութիւններու հասաւ, որովհետեւ իր բնածին տաղանդը պարարտ հող գտաւ եւ զայն ոռոգող երաժիշտ-դաստիարակներ, ճիշդ ինչպէս Բարտի Մինասեանը նախ Երեւանի, ապա ԱՄՆ-ի մէջ (դուստրը Միհրան եւ Այտա Մինասեաններուն) մեծ յաջողութեան հասաւ:
Նոյնն է Տիգրանին պարագան. եթէ ԱՄՆ հաստատուած չըլլար, պիտի կարենա՞ր ունենալ ասպարէզին ա՛յս յաջողութիւնը, պիտի ըլլա՞ր պահանջը նման մանրակերտեր պատրաստելու: Որովհետեւ մեր կողմերը՝ Արեւելքի մէջ շինարարութիւնը յաճախ կ’ընթանայ առանց քարտէզներու, ալ ուր մնաց մանրակերտեր պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը:
Բայց Տիգրան պատանի տարիքէն, տակաւին միայն 14 տարեկան, ամառները Պէյրութ կ’երթար եւ իր զարմիկներէն մէկուն՝ Յակոբ Աթէշեանի ճարտարապետական գրասենեակին մէջ կ’աշխատէր, մանրակերտեր պատրաստելով, մինչ մենք բոլորս «կը հանգստանայինք» ամբողջ տարուան մեր «չարչարանքէն»՝ դաս սորվելէն:
Այդ տարիներուն, երբ շատ հաւանաբար տակաւին սկսած չէր մանրակերտեր պատրաստելու «նորոյթը» ԱՄՆ-ի մէջ, Պէյրութ, ըլլալով այդ ժամանակուան «Փըթի Փաղի»ն, հաւանաբար նման  աշխատանքներ կ’ըլլային, «Մէկը Սէուտական Արաբիոյ մէջ կառուցուելիք շէնքի մը համար էր», կ’ըսէ Տիգրան, որ արդէն փորձ եւ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէր իր ասպարէզին համար, երբ մենք լողաւազաններ եւ ակումբներ կ’երթայինք մեր օրերը «վայելելու»:
«Այդ տարիքիդ երբ բան մը կ’ընես, քեզի կը թուի թէ ամէն մարդ ալ կրնայ նոյնը ընել. բայց երբ գործիդ համար կը սկսին վճարել քեզի, կը զգաս որ կեանքիդ կարեւոր մէկ անկիւնադարձին առջեւ կը գտնուիս»:
Բայց օրերը ցոյց տուին, որ այդքան ալ հեշտ չէ իր ըրածը եւ թէ ամէն մարդ չէ որ կրնայ ընել: Առաւել՝ իր արուեստագէտի խառնուածքն ու ուշադրութիւնը խօսակիցներուն հանդէպ ըսել տուած են իր կարեւոր աշխատակիցներէն մէկուն՝ Քէնէթ Թրէքըրի (ճարտարապետական HOK ընկերութեան Նիւ Եորքի գրասենեակի ձեւաւորումի տնօրէն) «Ան իսկական նկարիչ արուեստագէտ է. գիտէ թէ ճիշդ ի՛նչ պէտք է ինծի համար, ինչ ձեւի վերացականութիւն: Նաեւ՝ բնաւ իր ժամկէտերը չի խախտեր: Մենք զիրար լռութեամբ հասկնալու ունակութիւնը ունինք»:
Երբեմն կը մտածեմ՝ իրապէ՞ս այդքան շատ պահանջ կայ շէնքերու մանրակերտեր պատրաստելու, որ Տիգրանը մինչեւ այսօր, արդէն աւելի քան քառասուն տարի նոյն ասպարէզին մէջ է եւ կը շարունակէ նոյն թափով: Մեզի համար մանրակերտերը շատ-շատ ինքնաշարժներու փոքր չափի խաղալիքներն էին՝ matchbox կոչուած այդ շատ հմայիչ օթօները, որոնցմէ անհաշիւ թիւով ունէր զարմիկս, եւ որոնց իւրաքանչիւրը իր գոյնով, մոտէլով եւ չափով գոց գիտէր:
Կային նաեւ տիկնիկներու փոքր տուները, որոնց նկարները միայն տեսեր էի եւ շատ գեղեցիկ գտեր:
Բայց շէնքերու մանրակերտե՞ր, ո՛չ, չէի հասկնար նպատակը: Նիւ Եորք Թայմզի յօդուածը կը բացատրէ.
«Բայց անոնց աշխատանքը մանկական խաղ չէ. Ճարտարապետները մանրակերտեր կը պատուիրեն, որպէսզի երբ իրենց ծրագիրը հանրութեան ներկայացնեն, մէկ կողմէ կարենան նիւթականը հայթայթողներ գտնել, միւս կողմէ գրաւել հաւանական յաճախորդներ, որոնք բազմաթիւ միլիոններ պիտի վճարեն ունենալու համար բնակարան մը, որ տակաւին չէ իսկ կառուցուած»:
Տարօրէն հպարտ եմ այս խիստ համեստ դասընկերովս, որ այսօր իր ասպարէզին մէջ միջազգային հռչակ ունի՝ Richard Tenguerian.
Մարուշ Երամեան