Խորհրդային Միութեան փլուզումով, արցախահայութիւնը ազատագրական պայքարով եւ հանրաքուէով հաստատեց ԽՍՀՄ-էն անջատուելու եւ ազատ ապրելու իր որոշումը: Այս որոշումը շրջեց արցախահայութեան կեանքը:
Ատրպէյճանի 70 տարիներու պարտադրած ծանր պայմանները, բռնարարքները, ցեղասպանութեան շարունակուող փորձերը ընկճած էին Արցախի բնիկ ժողովուրդը: Ան չունէր բարգաւաճելու, իր հայկականութիւնը պահելու եւ Հայաստանին, աշխարհին ու համայն հայութեան հետ կապուելու իրաւունք ու կարելիութիւն:
Ազգային ինքնորոշման միջազգայնօրէն հաստատուած իրաւունքի կիրարկումէն ետք, Արցախի ժողովուրդը նոր էջ բացաւ իր պատմութեան մէջ: Այդ էջը եղաւ բարգաւաճումի, անկախ պետականութեան հաստատման, ազատ ապրելու եւ բնիկ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման մեկնակէտը:
Անկախութեան ձեռքբերումով վերացան նաեւ Արցախի բնակչութիւնը Ցեղասպանութեան ենթարկելու փորձերը:
Ազատ Արցախը ոչ մէկ դրացի երկրի վտանգ կը ներկայացնէր: Ան պարզապէս ազատօրէն իրեն արժանի տեղը կը վայելէր տարածաշրջանին մէջ:
44-օրեայ պատերազմէն ետք, սակայն, Ատրպէյճան փորձեց ու կը փորձէ կուլ տալ Արցախը, կրկին շրջափակել անոր բնակչութիւնն ու նախքան անկախութեան տարիներու վտանգալից օրերուն վերադարձնել զայն՝ անտեսելով Արցախի բնակչութեան բոլոր իրաւունքները եւ փորձելով վերջնականապէս խզել անոր կապը Հայաստանի ու աշխարհի հետ ընդհանրապէս՝ շարունակելու 30 տարի առաջ կիսատ մնացած Արցախի հայերու ցեղային մաքրագործումը:
Լաչինի միջանցքին փակումը, Արցախի տեղեկատուական շտապին հաստատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի  կազամատակարարման դադրեցումը, ու այս բոլորին կողքին 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան պայմաններուն բացայայտ խախտումը կը վկայեն, որ Արցախի բնակչութիւնը կը փրկուի միայն իր անկախութեան ամրագրումով ու այդ անկախութեան միջազգային ճանաչումով:
Ատրպէյճան զինաթափ ընելով Արցախը, խզելով անոր կապը արտաքին աշխարհի հետ ընդհանրապէս, կը ծրագրէ նոր բռնարարքներու:
Հայկական կողմը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր կարելիութիւններով, փաստացի հիմքեր ունի Արցախի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը լուսարձակի տակ պահելով Արցախի միջազգային անյապաղ ճանաչումը պահանջելու ու Արցախի բնակչութիւնը մարդկային աղէտէ փրկելու:
Ո՛չ կոչերն ու ցոյցերը, ոչ ալ դիտորդական առաքելութիւններն ու խաղաղապահ ուժերը պիտի կարենան ապահովել Արցախի բնակչութեան կեանքն ու կասեցնել Ատրպէյճանի ծրագրուած բռնարարքներն ու առաւելապաշտական նկըրտումները:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յայտարարութիւնը՝ Արցախի ժողովուրդին սպառնացող մարդասիրական աղէտը կանխելու մասին, ահազանգ մըն է ուղղուած Հայաստանի ու համայն հայութեան՝ գործի լծուելու եւ Արցախի միջազգային ճանաչման համար պետական, դիւանագիտական, յարաբերական, քարոզչական բոլոր լծակները օգտագործելու եւ կասեցնելու Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սադրանքները:
Հայ նահատակները, հերոսները իրենց կեանքը նուիրեցին այս նպատակին համար: Արցախը պահելու համար պայքար պէտք է մղել ամէն ճակատներու վրայ, ոչ թէ յանձնուիլ խաղաղութեան պատրանքներուն: