Արցախի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ 19 Դեկտեմբերին պիտի վերսկսին դասաւանդութիւնները բոլոր այն կրթական հաստատութիւններուն մէջ, ուր ուսումնական գործընթացը դադրած էր Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանէն դէպի Արցախ կազամատակարարման խափանումին պատճառով։
«14_էն 17 Դեկտեմբերին դադրած դասաւանդութիւնները պիտի իրականացուին 26_էն 28 Դեկտեմբերին:

Ուսումնական գործընթացը դադրած հանրակրթական դպրոցներու 9-րդ եւ 12-րդ դասարաններու սորվողներուն համար ուսումնական գործընթացը կազմակերպուած է 14_էն 17 Դեկտեմբերին:

6-օրեայ դրութեամբ աշխատող ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ 14 Դեկտեմբերին չեղեալ դասաժամերը պիտի լրացուին՝ բաշխուելով յաջորդ շաբթուան օրերուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: